“Հորիզոն”._ՀՅԴ Սիմոն Վրացեան Կոմիտէութեան Լրատուական Յանձնախումբը հաղորդած է, որ Երեքշաբթի, 30 Նոյեմբեր 2021_ին ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդական Միութեան «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի անդամները իրենց ձայնը միացուցին Քանատայի միւս շրջանններու մասնաճիւղերուն հետ եւ կազմակերպեցին բողոքի ցոյց՝ ի զօրակցութիւն Ատրպէյճանի կողմէ գերեվարուած հայ զինուորներուն: Բողոքի ցոյցը տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամը 6:30_ին (Metropolis at Metrotown) շուկային մէջ եւ շրջակայքը: Ցուցարարները Ատրպէյճանի բռնարարքները դատապարտող կոչեր հնչեցնելով եւ շղթայուած արշաւելով, օտար հանրութեան ծանօթացուցին թուրք-ատրպէյճական բռնութիւնները: