Քանի մը մանրուքներ
1. Դեւ
Այս բառը միակն է, որքան այս պահուս կը յիշեմ, որ հնչիւնափոխուելով կու տայ ե > ի:
Այսպէս՝ դեւ-դիւական-դիւային-դիւահար եւ այլն:
Ինչպէ՞ս բացատրել այս կացութիւնը, քանի  ի-ի վերածումը յատուկ է միայն է-ին՝ սէր-սիրել, տէր-տիրել, պէտ-պիտանի եւ այլն:
Ծանօթ.- Ոմանք ասոր կից կը թուեն լեզու-լիզել զոյգը: Սակայն  կեղծ բաղդատութիւն մըն է այս. լիզել-ին արմատը լէզ է: Իսկ լեզու յառաջացած է նոյն լէզ արմատէն,- եթէ իրապէս ճիշդ է այս վարկածը, որուն ես չեմ հաւատար,- գրաբարին յատուկ է > ե հնչիւնափոխութեան մը  հետեւանքով (ինչպէս՝ տէր-տերանց):
Ինչպէ՞ս յայտնուած է դեւ բառը հայերէնի մէջ:
Ան պարսկական փոխառութիւն մըն է, որուն բնօրինակն է dՍv:
Պարսկական այս Ս  տառը կը կոչուի «երկար ե»:
Պարսկերէնը ունի ասոր կարճն ալ, որ e է:
Արդ, հայերս այս ջ հնչիւնը միշտ «է» տառադարձած ենք պարսկական փոխառութեանց մէջ. օրինակ՝ dՍm-դէմ,  dՍt-դէտ, hՍn-հէն (աւազակ), vՍm-վէմ (քար, ժայռ, պատ)  եւ այլն:
Բայց ահա՝ dՍv տուած է…դեւ՝ փոխանակ ակնկալուած դէւ-ին կամ դէվ-ին:
Ինչո՞ւ:
Բացատրութիւնները, դժբախտաբար, չեն վխտար, որպէսզի համադրական  տեսութիւն մը տամ այստեղ: Միայն Էդուարդ Աղայեանի «Գրաբարի քերականութիւն»-ին մէջ գտած եմ հետեւեալ բացատրութիւնը: Ուրեմն Մեսրոպ  խստիւ դէմ եղած է  է տառէն ետք ւ կամ վ գրելու գաղափարին: Եւ իրօք ալ մեր ողջ բառամթերքին մէջ չենք հանդիպիր որեւէ բառի, որուն մէջ գտնուի էւ կամ էվ հերթականութիւնը: Չկա՜յ նման բան, սա հայերէնի ոգիին հակառակ երեւոյթ է: Ուրեմն անտեղի բացառութիւն մը չստեղծելու համար՝ ան կանոնագրած է գրել դեւ՝ ե-ով:
2.   Ես-իս, չեմ-չիմ,  քեզ-քիզ…
Սայաթ-Նովայի երգերը եղած են այն միակ աղբիւրը, որով որոշ կարծիք  կազմած եմ Թիֆլիսի,  ուրիշներ կ’ըսեն՝ Հաւլաբարի,  բարբառի  մէկ-երկու երեսներուն մասին, որոնցմէ  զիս այս պահուս հետաքրքրողը այս բարբառին մէջ տեղի ունեցած ե > ի հնչիւնափոխութիւնն է,  որ բոլորովին արտասովոր է հայերէնին համար:
Դուք գիտէք որ Սայաթ-Նովա կ’ըսէ իս՝ փոխանակ ես-ի.
«Իս քու ղիյմէթդ չիմ գիտի»:
Նաեւ՝ չիս ասում թէ լաց իս էլի…չկայ քիզի նման…կու շինիս ղումաշ…չտիսայ քո թիթարի պէս, քիզ գովիմ սազով…
Այլեւ՝ թել-թիլ, նետ-նիտ, ծածկել ես-ծածկիլ իս, անես-անիս, խելք-խիլք…
Ծանօթ.- Նկատենք, որ հնչիւնափոխուած են ընդհանրապէս միավանկ բառերը, ինչպէս նաեւ բազմավանկ բառերու վերջին վանկերը:  Վերջընթեր վանկերու ձայնաւորները չեն փոխուած. օրինակ՝ Էրեսդ, ձեռին, շինեցիր,  հեքիմ, ստեղծող, սելաւ, գերեզման,  տեսնող, ռեհան, թերթերունք…
Իսկ ասոր դիմաց  ոչ մէկ հնչիւնափոխութիւն կրած են՝ մէ, մէկ, պէս, թէ, երնէկ, մէջ, մէջք,  սէր, այսինքն՝  է-ով գրուող բառերը:
Ի՞նչ կը նշանակեն այս բոլորը:
Ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ նման բան մը:
Փորձենք պատասխանել այս առեղծուած թուող հարցումին:
* * *
Մեր մեսրոպեան ե տառը օրին յղացուած է արտայայտելու համար յունալատինական e հնչիւնը, որ բոլոր դիրքերու վրայ կ’արտասանուէր իբրեւ «է». ուրեմն՝ մեր եկայ, երազ, երգ բառերը օրին կ’արտասանուէին էկայ, էրազ, էրգ: Ինծի համար այս արտասանութիւնը բնաւ խորթ չէ, քանի ես ա՛յս արտասանութեամբ շրջապատուած եմ մանուկ հասակէս. ծնողքս  ճիշդ այսպէս կ’արտասանէին այդ բառերը, յատկապէս մայրս եւ մեծ մայրս, որոնց լեզուն բարբառային էր եւ ազդուած չէր գրական արդի հայերէնի արտասանութենէն:
Ներկայիս,  մենք այդ արտասանութիւնը կը պահենք մի՛այն բառերուն մէջը. օրինակ՝  կեր կ’արտասանենք կէր, վեց կ’արտասանենք վէց,  հեռու  կ’արտասանենք հէռու եւ այսպէս շարունակ:
Իսկ ինչպէ՞ս կ’արտասանենք ե տառը բառերուն սկիզբը:
Մենք զայն կ’արտասանենք իբրեւ յե, ճիշդ այն ձեւով, որ յե-ն կ’արտասանենք վայել, հայելի, մայել բառերուն մէջ, այսինքն՝  իբրեւ  yՌ:
Իսկ այդ յ-ն, խորքին մէջ  կիսաձայն ի է. Մեսրոպ երկու կիսաձայն ստեղծած է՝ յ  որ կիսաձայն ի է, եւ ւ որ կիսաձայն ու է:
Այսպիսով  մեր ե հնչիւնը  դարձաւ  ձեւով մը իե.  այսինքն՝ իեկայ, իերազ, իերգ:
Եթէ այս այսպէս է մեր արդի հայերէնի բառասկիզբի ե հնչիւնին համար, ե-ն  իե դարձած է Հաւլաբարի գրեթէ բոլոր միավանկ բառերուն համար, ինչպէս նաեւ բազմավանկ բառերու վերջին վանկին համար. այսինքն՝  քեզ-քիեզ, չեմ-չիեմ, խելք-խիելք, գովեմ-գովիեմ եւ այլն:
Այլ խօսքով՝  Հաւլաբարի բարբառին մէջ ե պարզ ձայնաւորը երկբարբառացած է նաեւ բառերուն մէջ՝ ի տարբերութիւն ընդհանուր հայերէնի, ուր երկբարբառացումը տեղի ունեցած է մի՛այն բառասկիզբին:
* * *
Հետագային յառաջացած է հնչիւնաբանական ուրիշ երեւոյթ մը:
Մեր երկբարբառները սկսած են մենաբարբառանալ, այսինքն՝ դադրիլ երկբարբառ ըլլալէ, ու վերածուած են պարզ ձայնաւորներու. օրինակ՝ ցորեան տուած է ցորեն (եա > ե), անոյշ տուած է անուշ (ոյ > ու), հոյծ տուած է հոծ (ոյ > ո),  եւ… իե տուած է ի (իե > ի), հետեւաբար քիեզ  դարձած է քիզ, չիեմ դարձած է  չիմ, խիելք դարձած է խիլք, գովիեմ դարձած է գովիմ:
Այսպիսի հնչիւնափոխութիւն տեղի ունեցած է լատինական բարբառներուն մէջ եւս. չմոռնանք՝ իտալերէնը, ֆրանսերէնը,  սպաներէնը, փորթուգալերէնը լատինական բարբառներ են. օրինակ՝ լատինական petrus (քար) բառը իտալերէն տուած է pietra, ֆրանսերէն pierre,  սպաներէն piedra, փորթուկալերէն pedra…  ուրեմն՝ i > ie, որ ճիշդ  Հաւլաբարինն է:
Արմենակ Եղիայեան