Շաբաթ, 18 Դեկտեմբեր 2021-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան Հասիչէ կատարած իր հովուական առաքելութեան ծիրէն ներս, պատուիրակութեամբ այցելեց Հասիչէի կուսակցապետ տիար Թրքի Ազիզ Հասանին։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Հասիչէի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան, Ազգ. Վարչութեան անդամ մեթր Պայքար Թովմասեան, ազգայիններ Վրէժ Եագուպեան եւ տոքթ. Ռուբէն Գէորգեան, Գամիշլիի եւ Հասիչէի թաղականութեան անդամներ եւ ՍՕԽաչի անդամուհիներ:
Սրբազան Հայրը, իրեն ընկերակցող պատուիրակութեամբ, ջերմապէս դիմաւորուեցաւ կուսակցապետին եւ պետական պաշտօնեաներուն կողմէ:
Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին արծարծուեցան սուրիական հայրենիքին դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրները:
Կուսակցապետը յայտնեց, թէ Սուրիոյ ժողովուրդը միասնական ոգիով պիտի կարենայ դուրս գալ պատերազմին ձգած հետքերէն:
Ան պարզեց, թէ Սուրիոյ տարածքին կրօնքներու եւ համայնքներու միջեւ գոյութիւն ունեցող համերաշխութիւնն ու եղբայրական սերտ գործակցութիւնը օրինակ կը հանդիսանայ ողջ աշխարհին։
Կուսակցապետը անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան, յայտնեց, թէ նոյն օսմանցի թշնամին 100 տարիներ ետք Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու ճամբով նոյն ոճրագործական արարքը գործեց։
Կուսակցապետը յայտնեց, որ Սուրիան իր հովանիին տակ համախմբելով իսլամ եւ քրիստոնեայ զաւակները, վսեմաշուք նախագահին գլխաւորութեամբ կը շարունակէ մնալ խաղաղութիւն եւ սէր տարածող հայրենիք։ Այս առիթով, ան ողջունեց սուրիահայութեան ստեղծագործ ներկայութիւնը սուրիական հայրենիքէն ներս եւ տօնական օրերուն առիթով իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց:
Սրբազան Հայրը Թեմի ժողովականութեան եւ ժողովուրդին անունով երախտագիտութիւն յայտնեց սուրիացի ասպնջական ժողովուրդին, սուրիական քաջարի բանակին եւ երկրի վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին, որուն խոհեմ ղեկավարութեան շնորհիւ Սուրիան դուրս եկաւ պատերազմէն եւ աստիճանաբար կը վերագտնէ իր պայծառ օրերը:
Ան հաստատեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ ճողոպրած հայ գաղթականները ապաստանեցան սուրիական հայրենիքէն ներս, ուր արարեցին, սորվեցան եւ յետ պատերազմին օտար երկիրներէն վերադառնալով, վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար Ալ Ասատին գլխաւորած վերականգնումի աշխատանքներուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն։
Հանդիպումը ընթացաւ դրական մթնոլորտի մէջ եւ առիթ հանդիսացաւ փոխ գործակցութեան: