Երիտասարդական Ոսպնեակ
Առաջին օրն էր որ դասարան մտած էի իբրեւ ուսուցիչ: Ոտքերս կը դաւաճանէին զիս: 12-13 տարեկան պատանիներէն աւելի կը վախնայի քան մահէն: Հազարաւոր հարցումներ կը պղտորէին միտքս. «Ինչպէ՞ս պիտի կրնայի զանոնք կապել դասին: Ինչպէ՞ս պիտի սիրցնէի հայերէնը: Արդեօ՞ք պիտի հասկնային բացատրածս: Անտարբեր աշակերտները ինչպէ՞ս պիտի մղէի դաս սորվելու: Արդեօ՞ք պիտի սիրեն զիս…»:  Քանի մը տարի առաջ նոյն գրասեղաններու ետին ես ալ դաս կը սորվէի եւ երբեմն ուսուցիչներուն «հոգին կը հանէի» շատախօսութեամբս: Քարմայի անխղճութեան մասին լսած էի, գիտէի որ պումերանկի նման բոլոր «չարաճճիութիւններս» ետ պիտի դառնային ինծի:
Մտայ դասարան. 23 փայլող աչքեր դէմքիս կը նայէին:
Սովորական «բարե՛ւ, բարի լոյս»էն ետք անցայ ծանօթացման արարողութեան: «Ծանօթացանք»: Պահը կ’անցնէր «սովորական» դպրոցի առաջին օրուան պահերուն պէս, մինչեւ որ աշակերտ մը քովս եկաւ ու հարցուց.
– Օրիո՛րդ, հիմա հայերէնը կարեւոր չէ , չէ՞…:
Այդ պահուն կարծէք ցնցուղի մը պաղ ջուրը սառեցուցած էր ողջ էութիւնս: «Հաւանաբար սխալ լսած եմ», խորհեցայ, վստահաբար աշակերտը կ’ուզէր ըսել որ «Հայերէնը կարեւոր է,  չէ՞…», ուստի դասարանէն ներս տիրող աղմուկը պատճառաբանելով խնդրեցի, որ անգամ մը եւս կրկնէ հարցումը: Երանի թէ երբեւէ խնդրած չըլլայի…
-Օրիո՛րդ, հայերէնը կարեւոր չէ,  չէ՞:  Իններորդ կարգին մէջ ի՞նչ պիտի ընենք հայերէնը:
Այդ պահուն չգիտցայ ընելիքս: Անպատասխան ձգել հարցումը, կը նշանակէր, որ հայերէնը իսկապէս կարեւոր չէր, աշակերտը յանդիմանելը այսպիսի «անտեղի» հարցում մը հարցնելուն համար՝ լուծում չէր: Որոշեցի հարցումին հարցումով պատասխանել եւ ըսի.
-Դուն պարզապէս իններորդ կարգ ըլլալուդ համա՞ր կը սորվիս մնացեալ նիւթերն ու լեզուները:
-Օրիո՛րդ, ես կը սորվիմ նիշի համար, որքան բարձր նիշի արժանանամ, այնքան արժէքաւոր նուէր մը պիտի ստանամ Նոր Տարուան առիթով: Ի վերջոյ նիշն է, որ պիտի ճշդէ ապագաս, չէ՞:
Աշակերտը ճիշդ էր: Դժբախտաբար այս երկրին մէջ նիշն է, որ կ’որոշէ մարդուն ճակատագիրը կամ կը խորտակէ  մարդը: Նիշը հարստութեան պէս բան մըն է, ունի՞ս՝ դէմդ բոլոր դռները բաց են եւ ապագադ փայլուն է, չունի՞ս…
Ի՞նչ ըսէի աշակերտին…
Գրաւորներու ժամանակը հասաւ: Նոյն աշակերտը շատ լաւ արդիւնք արձանագրեց: Ուրախացաւ:
Նոր Տարին մօտեցաւ: Յաճախ կը մտածեմ աշակերտիս մասին եւ վստահ եմ, որ Նոր Տարուան մեծ ու արժէքաւոր նուէր մը պիտի ստանայ, բայց արդեօ՞ք ճիշդ է այս մէկը:
Ճի՞շդ է մեր զաւակները կաշառելը իրենց նիշին փոխարէն : Մենք կ’ուզենք լաւագոյնը մեր երեխաներուն համար: Անոնց համար ոչինչ կը խնայենք, երբեմն, սակայն, կ’ուզենք, որ անոնք իրականացնեն մեր երազները, բայց արդեօ՞ք հարցուցած ենք, թէ անոնք Ի՞ՆՉ կ’ուզեն, ի՞նչ բանի կը ձգտին:
Թերեւս այս աշակերտը ապագային համբաւաւոր երկրաչափ մը դառնայ իր ապահոված «գերազանց» նիշին շնորհիւ, համոզուած եմ, որ կրնայ դառնալ, բայց արդեօ՞ք իր ուզածին պիտի հասնի, արդեօ՞ք իր մէջ, տեղ մը  պահուըտած տաղանդը պիտի կրնա՞յ դուրս բերել, կամ այդ տաղանդը պիտի չքանայ «նիշին ետեւէն» ուղղուելու ճամբուն վրայ:
Գալով  աշակերտին «Հայերէնը կարեւո՞ր է» հարցումին:
Վերջերս ընկերային ցանցերու վրայ յաճախ կը հանդիպիմ «դպրոցը կարեւոր չէ», «դպրոցին մէջ սորվածդ կեանքիդ մէջ պէտք պիտի չըլլայ», «դպրոցը քեզ դրամ շահիլ չի սորվեցներ», «դպրոց երթալը միայն ժամանակի կորուստ է» արտայայտութիւններուն: Համոզուած եմ, որ աշակերտս ալ այս «քարոզչութեան» ազդեցութեան տակ էր:  Ուստի անոր պատասխանեցի ըսելով.
-Օր մը եթէ մէկը խնդրէ քեզմէ գիտական թեզ մը հայերէնի թարգմանել եւ չկրնաս հայերէնի թարգմանել, որովհետեւ հայերէնը կարեւոր չէիր համարած, ի՞նչ պիտի զգաս:
-Պիտի ամչնամ,- ըսաւ:
-Իսկ եթէ հայերէնին տիրապետես, բայց գիտութենէն գաղափար չունենաս, ի՞նչ պիտի զգաս:
-Դարձեալ պիտի ամչնամ:
Չեմ գիտեր թէ այդ օրուան ըսածս կարեւորութիւն ունէր աշակերտիս համար, կամ եթէ ատիկա պիտի յիշէ ապագային, բայց ես քանի մը բան սորվեցայ.
ա.- Աշակերտէն սպասել ամէն տեսակ հարցում եւ ընտրել յարմարագոյն պատասխանը:
բ.- Աշակերտին համար նիշը սրբութիւն է:
գ.- Ամենադժուար գործը ուսուցիչին գործն է:
Վեհան Պարսումեան