“Երկիր Մետիա”._Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին յայտարարութիւնը. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Անդրադառնալով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին վերջին յայտարարութիւններուն ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին եւ այդ առիթով մտահոգութիւններուն յատկապէս արցախահայութեան շրջանին մէջ՝ կ’ուզէի քանի մը հիմնական դրոյթ շեշտադրել, որոնց քանիցս անդրադարձած եմ տարբեր ուղերձներու ու յայտարարութիւններու մէջ. 1. Արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի լիարժէք ճանաչումը որեւէ վերապահումի ու զիջումի ենթակայ չէ, եւ այդ հարցին բացառիկ տէրը արցախահայութիւնն է: Ուստի, միայն Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները լիազօրուած են խօսելու Արցախի բնակչութեան անունով: 2. Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչումին նպատակը մեր հիմնական ուղենիշն է, եւ անկէ շեղում կարելի չէ թոյլ տալ ոչ մէկ իշխանութեան: Ուստի, Արցախի ժողովուրդն ու իշխանութիւնները երբեք ու որեւէ ձեւով չեն ընդունիր Ատրպէյճանի կազմին մէջ որեւէ կարգավիճակ՝ մինչեւ մեր նպատակին իրականացումը: 3. Ոչ միայն կարգավիճակին, այլ նաեւ ժողովրդագրական առումով վերադարձ անցեալին չի կրնար ըլլալ։ Ի՞նչ միատեղ բնակութեան մասին է խօսքը, եթէ Ատրպէյճան կը շարունակէ իր հասարակութիւնը սնել հայատեացութեամբ եւ պատրաստել ոչ թէ խաղաղութեան, այլ՝ Արցախի հայաթափման: Անշուշտ, մենք կողմ ենք հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման եւ պատրաստ ենք այդ ուղղությամբ ջանքեր գործադրելու, սակայն մեր ժողովուրդին կենսական իրաւունքները, շահերն ու պահանջմունքները սակարկելի չեն: 4. Արցախի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է վերականգնուի առնուազն այն տարածքներուն մէջ, ուր 1991_ին հռչակուած է Արցախի Հանրապետութիւնը: Ուստի, մեր բռնազաւթուած տարածքները պէտք է ապառնազաւթուին եւ իրենց բնակիչները պէտք է կարենան վերադառնալ իրենց հայրենի տուներ: 5. Արցախի անվտանգութեան պարագային, մենք պիտի շարունակենք մեր ջանքերը Պաշտպանութեան Բանակի կարողութիւններու ամրացման ուղղութեամբ, իսկ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմը պէտք է մնայ Արցախի մէջ կայուն ու անժամկէտ ձեւով՝ մինչեւ հակամարտութեան վերջնական ու արդարացի կարգաւորումը եւ անվտանգութեան միջազգային լրացուցիչ երաշխիքներուն տրամադրումը: 6. Չանդրադառնալով անցեալի բանակցային գործընթացի մանրամասնութիւններուն՝ պարզապէս պէտք է արձանագրել, որ հիմա պահը շատ աւելի պատասխանատու ու վճռական է, քան՝ երբեւէ։ Հետեւաբար, իրաւունք չունինք սխալներ թոյլ տալու, այլապէս այդ սխալները կրնան ճակատագրական ըլլալ Արցախին ու Մայր Հայաստանին համար: 7. Եթե որեւէ հայ կը փափաքի աջակցիլ Արցախին, ապա պարտաւոր է նկատի առնել արցախահայութեան կամքն ու նպատակները, այլապէս՝ պէտք է պարզապէս չխանգարել: 8. Բոլոր իշխանութիւնները ժամանակաւոր են, սակայն մեր նպատակներն ու դիրքորոշումները պէտք է պահպանուին ամուր ու անշեղ ձեւով: Մեր ազգային արժէքներուն ու նպատակներուն շուրջ միասնականութիւնը կարեւոր է, իսկ, ինչպէս նշեցի, ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցով իւրաքանչիւր հայու ու իշխանութեան ուղենիշը պէտք է ըլլայ արցախահայութեան կամքն ու նպատակները: Արցախը հազարամեակներ շարունակ եղած է հայկական ու պիտի մնայ է հայկական, եւ արցախահայութիւնը ունի բաւարար կամք ու ռազմավարական համբերութիւն այդ պայքարը շարունակելու: Անկախ որեւէ մէկուն կամքէն ու կարծիքէն, վստահ եմ, արցախահայութիւնը պիտի շարունակէ իր արդար պայքարը յանուն Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման եւ Հայրենիքի պաշտպանութեան»: