Հայաստանի եւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպաններ Արման Թաթոյեան եւ Գեղամ Ստեփանեան հանդոս եկած են յայտարարութեամբ, ուր անդրադարձած են վարչապետին Նիկոլ Փաշինեանին յայտարարութիւններուն Արցախի մադին։ Գրառումը՝ ստորեւ․ «Հայաստանի վարչապետին 24 Դեկտեմբերի 2021_ին առցանց ասուլիսի ընթացքին արտայայտած մոտեցումները հիմնովին կը հակասեն Արցախի հայերու կեանքին, անվտանգ ապրելուն եւ միւս կենսական, մարդկային գոյութեան համար անհրաժեշտ բնական իրաւունքներուն ու պարարտ հող նը ստեղծեն ատրպէյճանական խախտումներուն համար: Այդ մօտեցումները ազգային ինքնորոշման բնական իրաւունքը կը վտանգեն հիմնովին: ՀՀ վարչապետի հրապարակային խօսքերուն մէջ ամբողջութեամբ անտեսուած է, որ ատրպէյճանական իշխանութիւնները կը շարունակեն պետական հովանաւորութեամբ հայատյացութեան ու թշնամանքի քաղաքականութիւնը. սա ոչ միայն եւ ոչ այնքան հռետորաբանութիւն է, որքան ատրպէյճանական իրականութեամբ տարիներով հետեւողականօրէն կենսագործուող թշնամանքի քաղաքականութիւն (կրթութիւն, մշակոյթ, մարզանք եւ այլն): Անիկա յատկապէս յարձակողական է Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ: ՀՀ վարչապետին խօսքին մէջ անտեսուած է, որ 1923 թուականին 95% հայկական բնակչութիւն ունեցող Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի հայաթափման ուղղուած է ատրպէյճանական հետեւողական խտրական քաղաքականութիւնը՝ հետապնդումներով, ունեզրկումներով, վայրագութիւններով եւ այլ անօրինական միջոցներով: Հայատեացութեան ու թշնամանքի ատրպէյճանական պետական քաղաղաքականութիւնն է, որ 2020_ին պատերազմի ընթացքին յանգեցաւ Արցախի մէջ զանգուածային ցեղային զտումներու՝ թիրախային աւերելով քաղաքներն ու գիւղերը (Ստեփանակերտ, Մարտունի, Շուշի, Հադրութ եւ այլն), մարդոց զրկելով իրենց հայրենի տուներէն, խոշտանգումներով ու դաժանութիւններով, սպանութիւններով, եկեղեցիներ պղծելով ու ոչնչացնելով: Պատերազմէն վերջ ատրպէյճանական զինեալ ծառայողները, ատրպէյճանական իշխանութիւններուն հովանահաւորութեամբ, ամէն օր կը շարունակեն Արցախի ժողովուրդի կենսական իրաւունքներու խախտումները՝ խաղաղ բնակիչներոի սպանութիւններուն, խաղաղ բնակավայրերու ուղղութեամբ կրակոցներու, գողութիւններու, հեռախօսային կենսական կապի խափանումներու եւ ահաբեկչական բնոյթի այլ յանցաւոր արարքներով: Ամէն օր ոտնահարուած է Արցախի մէջ ապրող մարդոց արժանապատուութիւնը: Բնոյթով նոյն խախտումները, նոյն յանցաւոր արարքները ամէն օր կը շարունակուին նաեւ Հայաստանի բնակչութեան նկատմամբ: Թէ՛ Արցախի, թէ՛ Հայաստանի պարագային ատրպէյճանական զինեալ ծառայողները կը գործեն յանցաւոր անպատժելիութեան պայմաններու մէջ: Չկան մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան երաշխիքներ: ՀՀ վարչապետի արժեւորումները կը համարենք խիստ վտանգաւոր. անոնք կը հիմնաւորեն քաղաքական հարցերու գերակայութիւնը մարդու իրաւունքներուն նկատմամբ, կ’ամրացնեն մարդու իրաւունքները անտեսող ատրպէյճանական կեղծ թէզերը եւ աւելի իրական կը դարձնեն մեր հայրենակիցներու իրաւունքներու խախտումներու վտանգները, որուն համար տարիներ շարունակ ձգտած են ատրպէյճանական իշխանութիւնները: Այս քաղաքականութեամբ է, որ ատրպէյճանական իշխանութիւնները անընդհատ խոչընդոտած են, ամէն ինչ ըրած են Արցախը արտաքին աշխարհէն մեկուսացնելու, արցախահայութեան իրենց իրաւունքներու պաշտպանութենէն զրկելու համար՝ վարելով միջազգային հանրութեան մոլորեցնելու նպատակային քաղաքականութիւն: Ազգային ինքնորոշումի, մարդու կենսական իրաւունքներն ու այդ իրաւունքներու երաշխիքները անտեսելու, անոնց պաշտպանութիւնը ամէն գնով խոչընդոտելու քաղաքականութիւնը պարարտ հող ստեղծած է այն դաժանութիւններուն ու վայրագութիւններուն, ցեղային զտումներուն համար, որ տեղի ունեցան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին։ Հայաստանի եւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպաններուն համար խաղաղութիւնը բացարձակ արժէք է, բայց իշխանութիւններուն յայտարարած խաղաղասիրութիւնը կեղծ է, անիկա միայն կը հետապնդէ արտաքին աշխարհին այդպիսին ներկայանալու, իրական դէմքը կեղծիքներով քօղարկուած պահելու նպատակ: Ուստի, բոլորին խստիւ կը յորդորենք դադրեցնելու մարդու իրաւունքները անտեսելը, որ պարարտ հող կ’ապահովէ ատրպէյճանական կեղծ թէզերուն համար, բացառել մարդու իրավունքները քաղաքական հարցերին ստորադասելը, ինչպէս նաեւ հեռու մնալ յատկապէս միջազգային ատեաններու վրայ ատրպէյճանական ցեղասպան քաղաքականութենէն մեր հայրենակիցներու իրաւունքներու պաշտպանութեան արհեստական խոչընդոտներ ստեղծելէ»: