«Երկիր».- Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու 2 Յունուարին յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներուն առաջին հանդիպումը կը սպասուի Յունուարին:

«Օրը տակաւին յստակ չէ, բայց կը սպասուի, որ հանդիպումը տեղի ունենայ Յունուարին», ըսած է Չաւուշօղլու: