“Երկիր”._ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութենէն յայտնած են, որ հիմք ընդունելով ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի 4-րդ յօդուածին սահմանափակ ժամանակամիջոցի համար Ղազախիստանի Հանրապետութիւն ՀԱՊԿ հաւաքական խաղաղապահ ուժեր ղրկելու որոշումը, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան խաղաղապահ գործունէութեան մասին պայմանագիրի դրոյթներուն համաձայն, ՀՀ զինեալ ուժերը ՀԱՊԿ խաղաղապահ ուժերու կազմին մէջ Ղազախստանի Հանրապետութիւն գործուղած են խաղաղապահ ստորաբաժանումէն 100 զինուորական ծառայող։ Առաքելութեան ընթացքին ՀՀ ԶՈՒ խաղաղապահ ստորաբաժանումը պիտի իրականացնէ բացառապէս ռազմավարական նշանակութեան շէնք-շինութիւններու եւ ենթակառուցուածքներու պահպանութեան գործառոյթներ: