Հինգշաբթի, 6 Յունուար 2022-ի առաւօտեան Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով։ Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանը։ Հայր սուրբը նախ իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Ճեզիրէի հայութեան անունով շնորհաւորեց Ս. Ծնունդը եւ Աստուածայայտնութիւնը եւ շնորհաւորեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Գերշ. Տ. Մասիս եպս. Զօպուեան Առաջնորդ Սրբազանը եւ ազգային իշխանութիւնը։ Առաջնորդական Փոխանորդ Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ ըսաւ. «Այսօր Պէտք է մեր սրտերը վերածենք Բեթհեղէմի մսուրի, ուր ներկայ պէտք է ըլլայ սէր. այն սէրը որով Աստուած իր միածին Որդին աշխարհ ղրկեց մեզ փրկելու համար։ Այսօր մեր տուները պէտք է դառնան Բեթհեղէմի մսուրը, ուր Աստուծոյ լոյսը եւ օրհնութիւնը միշտ ներկայ են» ։ Յաւարտ Ս. Եւ Անմահ Պատարագին տեղի ունեցաւ Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքը, խաչքաւորութեամբ փոքրիկ Միհրան Քիւմճեանի, որմէ ետք օրհնուած ջուրը բաշխուեցաւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին։ Հոգեշնորհ հայր սուրբը, դպրաց դասը, ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին ու սկաուտութեան հետ թափօր կազմած ուղղուեցան առաջնորդարանի շրջափակ, ուր ազգային երգեր նուագելով խանդավառեցին ներկաները եւ ծափողջոյններով դիմաւորուեցան։ Հուսկ հայր սուրբը շնորհաւորեց ժողովուրդին Ս. Ծննդեան տօնը՝ բարձր գնահատելով ՀՄԸՄ-ի աշխոյժ եւ կայտառ սկաուտութիւնը եւ փողերախումբը, որոնք ուրախ մթնոլորտ եւ խանդավառութիւն կը ստեղծեն բոլոր տօնական առիթներուն։ Հուսկ, հոգեշնորհ հայր սուրբը թաղականութեան եւ պատկան մարմինի ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ առաջնորդարանի դահլիճէն ներս ընդունեց հաւատացեալ ժողովուրդի ինչպէս նաեւ պետական անձնաւորութիւններու շնորհաւորանքը։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն