Յաճախ կ’ըսեն, թէ պէտք է զրուցէք, կարծիքներ փոխանակէք, այսպիսով իրարու հանդէպ յարգանք կը յառաջանայ եւ ձեր միտքը կը պայծառանայ։ Արդեօ՞ք զրոյցը հեզասահ կ’ընթանայ յաճախ, թէ կը վերածուի վէճի, իսկ վէճը՝ վիրաւորանքի…
Եկէ՛ք լսենք խումբ մը տղոց զրոյցը եւ եզրակացնենք…
Յարութ- Ձեր կարծիքով ո՞վ է հայը:
Յակոբ- Օ՜, ամենաքաջ, անվախ, համեստ, աշխատասէր, միշտ յաղթող եւ միասնականութիւնը սիրող անձն է։
Գրիգոր- Միասնակա՞ն։ Ո՞ր երեւակայական աշխարհին մէջ։ Տրամաբանական խօսէ՛։
Վահէ- Սկսա՞ր նորէն հակառակիլ։
Հայկ- Բայց ճիշդ է ըսածը։ Հայը յամառ, ամէն պզտիկ դէպքի համար առնող-տուող, ինզինք միշտ վերերը տեսնող, ինքզինք ան-սխալ համարող անձն է։
Յակոբ- Դուն ինքնութեանդ մասին այսպէ՞ս կը մտածես։ Ամօ՛թ քեզ։
Յարութ- Տղա՛ք, յարգենք եւ կարգ տանք իրարու (կ’անտեսուի)։
Հայկ- Իմ կարծիքն է։ Ես այսպէս կը տեսնեմ իրականութիւնը։
Վահէ- Ընկե՛րս, սխալ ես, այսքան ալ վատ չենք։
Գրիգոր- (ջղայնացած) Տղան կարծիք տուաւ։ Եթէ քեզ կը հակասէ, ըսել չէ, որ սխալ է։
Յովիկ- Մեծամասնութիւնս ըսածին հակառակ է, ուրեմն ըսածը սխալ է։
Հայկ- Տղա՛ք, զրոյց է, ոչ թէ՝ որո՞ւ ըսածը՝ ճիշդ, որո՞ւնը՝ սխալ։
Յակոբ- Պարապ բան։ Չեմ տեսած մէկը որ ինքզինք այսքան ստորադաս կը համարէ։ Ամօ՛թ որ հայ ես։
Յարութ- լաւ, լաւ, շատ շեղեցանք նիւթէն, անցնինք ուրիշ նիւթի։
Գրիգոր- Բայց դեռ վերջնական պատասխան, լուծում չգտանք։
Յարութ- ժամանակը կարճ է, ընկե՛ր։ Կէս ժամ է ի վեր կը վիճինք։ (անտեսելով Գրիգորը) ուրեմն շարունակենք…
Ի՜նչ հաճելի զրոյց։ Օր մըն ալ տեսնենք, թէ օգտակար արդիւնքի հասեր ենք մեր զրոյցներու աւարտին։ է՜հ, ձե՞ր կարծիքը ինչ է։ Ասիկա զրո՞յց է, թէ ճւճւոց…։
Կիթառ Աւընեան