11 Յունուարին ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը ահազանգեր ստացած է, որ ատրպէյճանական զինեալ ուժերը յատկապէս կրակ բացած են ՀՀ Գեղարքունիքի մարզի Նորաբակ, Վերին Շորժա եւ Ներքին Շորժա գիւղերու մօտ տեղակայուած ՀՀ Զինեալ ուժերու դիրքերուն ուղղութեամբ: Հրետանին լսելի եղած է նաեւ Կութ գիւղի մէջ։ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի հաւաքագրած փաստերը կը հաստատեն, որ կրակը վարած է առաւելապէս ատրպէյճանական այն դիրքերէն, որոնք կը գտնուին ՀՀ ինքնիշխան տարածքին մէջ: Խօսքը Մայիս 2021_ին ներխուժումներու մասին է: Այդ տեղակայումները ՀՀ գիւղերու անմիջական հարեւանութեամբ՝ մարդոց սեփական իրաւունքով պատկանող արօտավայրերու, վարելահողերու ու խոտհարքներու մէջ են եւ զուրկ են իրաւական որեւէ հիմքէ: Ասօրուան ատրպէյճանական յարձակումները, ինչպէս հաստատած է ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը, տեղի ունեցած է հրետանի եւ անօդաչու սարքեր կիրառելով: Յարձակողական կրակը ՀՀ գիւղերու անմիջական հարեւանութեամբ՝ քաղաքացիական բնակչութեան կեանքին ու անվտանգութեան, միւս կենսական իրաւունքներու համար իրական վտանգաւոր եղանակով է: Ուստի, ՀՀ զինեալ ուժերը անմիջականօրէն կը պաշտպանեն ՀՀ քաղաքացիական բնակչութեան կեանքն ու առողջութիւնը, կ’ապահովեն մարդոց անվտանգութիւնը: Ատրպէյճանական իշխանութիւնները կը գործեն միջազգային կանոններու բացայայտ խախտումներով եւ պատասխանատուութիւն կը կրեն յանցանքներու՝ Գեղարքունիքի մէջ ՀՀ 2 զինուորական ծառայողին սպանելու, անոնց կեանքին իրաւունքը խախտելուն համար, վիրաւորում ստացած զինուորական ծառայողներու առողջութեան վնաս պատճառելուն, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական բնակչութեան անվտանգութիւնը խաթարելուն, մարդոց նկատմամբ յարձակումին համար:

Արման Թաթոյեան Հայաստանի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան