Նահապետեաններուն տան մէջ Ամանորի խնճոյք կայ այս տարի:
Իսկ որո՞նք են Նահապետեանները:
Հայրը՝ Նշանը, երիտասարդութեան եւ ծերութեան միջեւ գտնուող փուլին մնաս բարով ըսելու վրայ էր, ան վաղուց նետուած էր գործի ասպարէզ, հօրը գործին լաւ մը տիրապետած ըլլալով՝ բաւական զարգացուցեր, տեղն ալ ընդլայներ եւ դարձեր էր վարպետ Նշան: Ամուսնութեան մասին երկար ժամանակ տատամսելէ ետք, եղբօր եւ քոյրերուն հրմշտուքներով «տէ լաւ» ըսած էր: Իրեն յարմար գտած էին օրիորդ Անուշը՝ միջին տարիքի, գեղադէմ տանտիկնոջ մը տիպարը «անպիտանը գեղեցիկ է» ըսեր ու ոսկեզօծ վանդակը մտեր էր: Իրականութեան մէջ քանի մը անգամ «ես ի՛նչ գործ տեսայ» ըսեր էր, սակայն տիկնոջ շատ սիրած էր ու շուտով լոյս աշխարհ եկած էր իրենց մէկհատիկ աղջիկը՝ կապուտաչեայ, շիկահեր սիրունիկ Շաղիկը, որ ահաւասիկ իր քսան եւ երկու գարունները կը բոլորէր: Այս տարի բախտը լայն ժպտած էր Շաղիկին, անոր սիրտը «թըխ» ըրեր, կեանքի ընկերը գտեր էր եւ ծնողներու օրհնութեամբ քանի մը ամիս առաջ, մեծ Զատիկին, մատանի մըն ալ դրեր էին, եւ այսպիսով սկսած էր «խնամի-խնկիկ» անվերջ, անծայրածիր պարտաւորութիւնները: Պէտք է ըսել, որ մեր այս հարսանեկան սովորութիւնները բաւական բարդ են, նամանաւանդ տասնամեայ պատերազմին հետեւանքով երկրիս վրայ իշխող եւ ժողովուրդը մեծապէս ճնշող տնտեսական այս ծանր պայմաններուն: Օր մը տղու կողմի առաջին այցելութիւն, օր մը աղջկայ կողմի առաջին այցելութիւն, օր մը ոտք բացում, մեծ խթում, պզտիկ խթում, միջինք, համբարձում եւ տակաւին որքան ուզես քաշքշել այնքան կ’երկարի, սպառելով վարպետ Նշանին ընդհանրապէս դիւրագրգիռ համբերութիւնը:
* * *
Այնքան հաճելի ու գնահատելի է աւանդութիւններն ու սովորութիւնները պահպանելը, սակայն զգո՛յշ չափազանցութիւններէ եւ ցուցամոլութիւններէ: Ձեր գեղեցիկ զարդարուած, ուտելիքներու տեսակեղէններով ողողուած սեղանները  շատերու համար երազ կը թուին, ցուցադրելու կարիք չկայ: Խօսեցեալ զոյգերու քիթ-քիթի մտած ամէնօրեայ դրութեամբ նորոգուող ֆէյսպուքեան նկարները շատերու համար զզուելի կը թուին, աւելորդաբանութիւններու կարիքը չկայ, իսկ մեր երիտասարդուհիներուն կամ պարմանուհիներուն կիսատ մնացած փէշերով ու բաց մոռցուած փորերով ֆէյսպուքեան նկարները շատերու համար տհաճ կը թուին, պատշաճութենէն գեղեցիկը չկայ:
* * *
Ուրեմն հասանք Ամանորին, ասկէ փախուստը չկայ:
-Այս ալ հարցո՞ւմ է, տիկի՛ն Նորա, անշուշտ բոլորը մեզի են, խնամիներուս հետ առաջին Կաղանդն է ասիկա,- ըսած էր տիկին Անուշ իր դրացուհիին, երբ վերջինս ուղղած էր դեկտեմբերեան նշանաւոր հարցումը՝ «ո՞ւր էք Կաղանդին այս տարի»:
* * *
Այս տարի, ի՞նչ դէպքեր պատահեցան:
Հացը «խելացի քարտ»-ով եղաւ, ելեկ-տրականութիւնը գրեթէ ոչնչացաւ եւ սղաճը գլուխը առաւ գնաց: Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ «խելացի քարտ» պիտի հարցնէ երկրէս դուրս ապրող ընթերցողը: Ուրեմն սահմանումը հետեւեալն է. «խելացի քարտ»-ը, որ իւրաքանչիւր սուրիացի ընտանիքի իրաւունքն է, այն ոսկի բանալին է, որուն միջոցաւ կարելի է ստանալ պետութեան տրամադրած շաքարը, բրինձը, ձէթը, վառելանիւթեր եւ այլ պէտքեր, շուկային հետ համեմատաբար աւելի քնքուշ գիներով, այս մէկը իրենք դրական ներդրում կ’անուանեն: Այսպէս հացն ալ «հօ՛փ» ըրեր ու միացեր էր քարտի ընկերներուն, որովհետեւ փուռերուն դիմաց կարգ սպասող շարաններուն պատկերը սարսափելի կը թուէր այլեւս, այսպէս կարելի է ամբողջ կէս օր մը ժամավաճառ ըլլալ եւ հացիդ բաժինը չստանալ, որովհետեւ տրամադրուած քանակը սպառած է, նոյնիսկ կարելի է ականատես ըլլալ աշխարհի ամէնէն հետաքրքրական ճակատամարտին, հայհոյանք, հրմշտուք, ծեծկռտուք, ի՞նչ է պատահածը, հերթականութեան խանգարում.  հետեւաբար որոշումը պիտի նպաստէր բաժինները հաւասարապէս ցրուելու եւ խճողումը թեթեւցնելու: Է՜հ, քիչ բան մը տարբերեց, սակայն արմատական լուծում չէ:
Ծիծաղելի է, չէ՞: Ամերիկայի մէջ, վերջերս կը դիտէի, թէ ինչպէ՛ս երկար շարաններ կազմուած էին (iPhone) ընկերութեան շէնքին դիմաց, անոր նորագոյն արտադրութիւնը ձեռք ձգելու համար, իսկ մենք տակաւին փուռերուն արտադրութիւնը ձեռքէ-ձեռք կը խլենք: Ո՜վ արդարութիւն…:
* * *
-Ի՛նչ բան է ասիկա, եթէ աղջիկս նշանեցի, պէտք է սնանկանա՞մ,-  վրդոված կը բացագանչէր վարպետ Նշան, որ ամանորեան սեղանին պէտքերը հոգալու համար շուկայ ղրկուած էր, երկար-բարակ ցանկը ձեռքին:
Ի՞նչ է պատահածը մարդ չի հասկնար, օրէ-օր բարձր սաւառնող գիները, վարպետ Նշանին նման բոլորիս ափ ի բերան կը պահեն: Մուտքերու եւ ելքերու միջեւ ահռելի տարբերութիւն կայ, մէկը լեռնէն «բարե՛ւ» կը կանչէ, միւսը ձորէն «Աստուծոյ բարի՛ն» կը պատասխանէ, եւ գլուխ կը տնկէ ժողովուրդիս ամէնօրեայ հարցումը՝ «ի՞նչ պիտի ըլլայ ասոր վերջը»: Տէր Աստուած դո՛ւն խնայէ մեզ:
-Յետոյ տե՛ս որ քովի թաղեցիներն ալ հրաւիրէիր, ի՞նչ կայ այսքան մարդ գլուխնուս հաւաքեր ես, 40 հոգի կանչե՞լ կ’ըլլայ,- շարունակեց գանգատիլ վարպետ Նշան:
-Է՜հ, Նշա՛ն, հաւասս փորս մի՛ ձգեր հա՛, եկո՛ւր, եկո՛ւր քեզի համով սուրճ մը խմցնեմ եւ ըսեմ ինչ ուտելիքներ պիտի պատրաստեմ քեզի:
Փորը այնքան սիրող վարպետ Նշան հլու հնազանդ ենթարկուեցաւ, տիկին Անուշ ամուսնոյն հանդարտեցնելը լաւ գիտէր:
31 Դեկտեմբերն էր, Նահապետեաններուն տունը Կաղանդ կը բուրէր, մայր ու աղջիկ ամէն ինչ կարգադրեր էին, ամէնուրեք գեղեցիկ զարդարուած էր, տօնածառը՝ ճաշակով շտկուած, իսկ հարսնցուն՝ այնքան սիրունիկ հագուած: Իսկ սեղանը, օ՜հ աչք պէտք էր, որ տեսնէր, այնտեղ զետեղուած էին Կաղանդի սեղաններուն անբաժան ուտելիքներէն սարման, միջուկով քիւֆթան, մարդատէլլան, մուհամմարան, ղուզու իչին, պորանին եւ տակաւին ցանկը շատ կ’երկարի, յայտնի է, շատ մտածելու կարիք չկայ, Նահապետեանները ուրֆացի են:
Ժամը 8:00-ին հրաւիրեալները սկսան ժամանել, նախ հասան մօտիկ հարազատները, ապա փեսացուն եւ խնամիները՝ ահագին նուէրներով բեռնաւորուած:
Մթնոլորտը այնքան ճոխ էր ու ջերմ, այստեղ տղամարդոց զրոյցներ, այնտեղ տիկիններու հաւաքներ, կենացներ, կատակներ, խմբային նկարներ, իսկ նշանախօս զոյգին սիրալիր նայուածքները շատ բան կ’ըսէին իրարու: Բոլորն ալ գոհ էին եւ ուրախ, եւ բոլորն ալ միաբերան հաստատած էին տիկին Անուշին վարպետ խոհարար ըլլալը եւ խոշոր «պրաւօ՜» մը դրոշմած էին անոր ճակտին: Անուշն ալ նեղ տեղը ըսած էր Նշանին «լսեցի՞ր»:
Ժամը 12:00-էր, ճաշասեղանին փոխարինած էր պտուղի եւ անուշեղէնի սեղանը, բոլորը մոմերը վարած բարձրաձայն «Հայր Մեր»-ը երգած էին եւ Նոր Տարին ժամանած էր: Համբոյրներ, փաթթուկներ ամէնուրեք եւ մաղթանքներ, շա՜տ մաղթանքներ: Թող, որ Նոր Տարին ըլլայ երջանիկ ու խաղաղ, ըլլանք առողջ ու յաջող, սղութիւնը փարատի գրպանները լեցուին, Քորոնան մաշի, հանգիստը աճի, «քահրապան» յորդի, մութը վանի, սէրը իշխէ, յաղթէ բոլորին, չարը մեռնի, ապրի բարին:
-Ձեր կենացը, նշանախօ՛ս զոյգ, Ս. Պսակին արժանանաք, հայաշունչ տաքուկ ընտանիք մը կազմէք: Այս եղաւ բոլորին վերջին մաղթանքը:
Աւարտին, վարպետ Նշան տանտէրի իր հանգամանքով ոտքի կեցաւ եւ բոլորը երգի հրաւիրեց. «Սեղանն է առատ, դիմացն Արարատ, հնչում են երգեր ուրախ ու զուարթ, լցնենք ընկերներ բաժակները լի, թող հայոց գինին մեզ անուշ լինի»:
Իսկ իմ կողմէն, սիրելի՛ ընթերցող, Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ:
Նանար Պապեան-Քիլէճեան