Յաղթանդամ, կարմիր այտերով, խելացի, ուժեղ և աշխատասէր մարդ մըն էր հայրս: Դիմագրաւած էր կեանքի բոլոր դժուարութիւնները եւ յաղթահարելով զանոնք հասած իր նպատակներուն: Կեանքի դժուարութիւններուն յաճախ ժպտելով դէմ կը դնէր, առանց դժգոհանքի եւ մտատանջումի: Կեանքը իրեն համար հակակշռելի պայքար էր: Առանց պայքարի իմաստ չունէր ան: Ինծի համար օրինակելի տիպար մըն էր հայրս: Իր հոգին ու մարմինը, նաւու մը խոյանքով, միշտ պատրաստ էին հատելու մրրկածուփ ծովուն ալիքները ու հասնելու խաղաղութեան նաւահանգիստ: Հայրս ինն տարեկանէն նետուած էր արհեստի աշխարհ, աշխատանքի ընթացքին յաճախ տախտակէ պատուանդան մը տեղադրելով ոտքերուն տակ, որպէսզի փոքր հասակին կարենար հասնիլ նորոգուելիք փարթամ մեքենային եւ հանգիստ աշխատիլ։ Այսպիսով, ան տարիներու ընթացքին իւրացուցած էր իր արհեստին բոլոր գաղտնիքները, դառնալով հանրածանօթ վարպետ։ Հայրս իւրայատուկ տեղ ունէր կեանքիս մէջ։ Դժուարութիւններու մէջ ապաւէնս էր։ Ուժ կը ներշնչէր, որ չընկրկիմ ու անտեսեմ չարն ու վատը: Հիմա աւելի լաւ կ՚ըմբռնեմ իր խորհուրդները։ Ան կը թելադրէր մեզ արդար ըլլալ իւրաքանչիւր աշխատանքի մէջ։ Արդարութիւնը աշխարհին հիմքը կը համարէր։ Իրեն համաձայն, աշխարհը կը հանգչի չորս սիւներու վրայ՝ հիւսիսային, հարաւային, արեւելեան եւ արեւմտեան, իսկ աշխարհի կայունութիւնը կը պահպանուի միայն արդարութեամբ։ Հօրս կարծիքով կեանքը արժեւորելու համար պէտք է աշխատիլ։ Ան կ՚ապրէր աշխատելու համար: —Եթէ օր մը աշխատելէ դադրիմ, այդ օրը կը մեռնիմ,— կ՚ըսէր յաճախ։ Այդպէս ալ պատահեցաւ: Ան տարբեր նայուածք ունէր կեանքին։ Իր աչքը տեւաբար լաւը կը տեսնէր։ Չարը խորտակումի ճամբուն մէջ էր միշտ։ Արդար ըլլալուն կողքին, հայրս խստապահանջ էր, կատարեալին ձգտող: Իր խօսքերով և խորհուրդներով սնանեցայ եւ աշխարհը ճանչցայ: —Ամէն ոչխար իր ոտքերէն պիտի կախուի: Օրը պիտի գայ ու ամէն մարդ իր ըրածին հաշիւը պիտի տայ,— կը շեշտէր հայրս, երբ նկատէր, որ մէկը մեզ նեղացուցած էր։ Այնքան զոհողութիւն, աշխատանք, մաքառում յանձն առաւ, որպէսզի իր զաւակներն ու ընտանիքը լաւ ապրին, ներքին խաղաղութեամբ յառաջ ուղղուին ու կատարեալին ձգտին։ Հայրի՛կ, ինծի համար տիպար մըն էիր, ինչպէ՞ս լրեմ քեզ կորսնցնելով ու անխօս մնամ այս վիշտին դիմաց: Դուն պիտի ապրիս մեր մէջ, խորհուրդներդ տեւաբար պիտի հնչեն մեր յիշողութեան մէջ։ Ուստի կ՚աղաչեմ, երկնայի՛ն արարածներ, երբ Տէր Աստուծոյ հանդիպիք, խնդրեցէք որ հայրս պահէ դրախտի լուսաւոր կամարներուն ներքեւ, որպէսզի պահապան հրեշտակի նման մեզ հսկէ ու մխիթարուի։ Ննջէ՛ խաղաղութեամբ, բարեսի՛րտ, հոգատա՛ր եւ համե՛ստ հայր: Կարօտի մեր ցաւը պիտի ամոքեն քաղցր յիշատակներդ: Խունկ, մոմ եւ աղօթք հոգիիդ։

Սոնա Տարագճեան