Շաբաթ, 15 Յունուար 2022-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը, առաջնորդութեամբ Սեւակ Յակոբեանի։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Լիբանանի ընդհանուր կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան եւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հռչակուած «Սփիւռքի Տարի»ի աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն։ Այս առիթով, Նորին Սրբութիւնը դարձեալ յիշեցուց, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, յատկապէս սփիւռքահայ կեանքին մէջ, կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է եւ ունի եւ շեշտեց անոր ներքին միութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը։