Երկուշաբթի, 17 Յունուար 2022-ին,»«Տամ Փրէս» հաղորդեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ Մըքտատ «Ուահտէ» թերթի խմբագրակազմին տարեկան հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ ԱՄՆ-ի գրոհը մարդկային իրաւունքներուն կը հակասէ, յատկապէս Ռաքքայի մէջ: Քաղաքը վկան է այդ վայրագութիւններուն։ ԱՄՆ-ի ուժերը Ռաքքան քարուքանդ ըրին եւ ոճիրներ գործեցին։ Նախարար Մըքտատ շեշտեց, որ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ թրքական ուժերու ներկայութիւնը կը սպառնայ ողջ տարածաշրջանի ապահովութեան։ Սուրիոյ եւ այլ երկրներու յարաբերութեան անդրադառնալով, նախարար Մըքտատ յայտնեց, որ աշխատանք կը տարուի արաբական երկիրներու հետ յարաբերութիւնները իրենց նախկին վիճակին վերադարձնելու։ Ապա աւելցնելով ըսաւ, որ ներկայիս Սուրիոյ մէջ 14 արաբական երկիրի դեսպանատուն կը գործէ։ Այնուհետեւ անդրադառնալով սուրիական սահմանադրութիւնը քննարկող յանձնախումբի աշխատանքին, նախարար Մըքտատ հաստատեց, որ յանձնախումբի աշխատանքին յաջողութիւնը արտաքին միջամտութիւններէ զերծ մնալէն կախեալ է, վստահեցնելով, որ արեւմուտքը ջանք պիտի չխնայէ յանձնախումբին աշխատանքը խոչընդոտելու համար։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Պթրոս Հալլաք, փոխնախարար Ահմէտ Տաուա եւ տեղեկատուական հաստատութիւններու տնօրէններ։