Վայրի՜ ծաղիկ, անունդ ի՞նչ է,
ըսէ՛, մասուր ու կանանչ է
ցանկապատին շուքին նստած
վայրի՜ ծաղիկ, անունդ ի՞նչ է:
Ըսպիտակ, կաթ ու մազտաքէ
բուրող ծաղիկ, անունդ ի՞նչ է.
ըսէ՛, քի՛չ մը գէթ չե՞ս դողար,
հովիկն անուշ երբոր փըչէ…:
Հպա՜րտ ծաղիկ, անունն ի՞նչ է
պարիկին, որ անցաւ քովէդ,
հեզուկ ու սեւ սաթի վէտ վէտ
ցայտք մը ձգած իր քամակէն:
Գիտե՜ս, ծաղի՜կ, անունն ի՞նչ է
դողին՝ զոր քեզ տուաւ հովիկ,
ու ձայնին՝ որ զիս կը կանչէ…:
Միսաք Մեծարենց