-Տան բոյսերուն տերեւները ամիսը անգամ մը շփեցէ՛ք նարինջի կեղեւով, որպէսզի ձեր սիրելի փիսիկը հեռու պահէք անոնցմէ:
-Արդէն 80-ական թուականներէն ՆԱՍԱ-ն փաստած է, որ կարգ մը բոյսեր ապականած օդը մաքրելու յատկութիւն ունին: Հետեւաբար թելադրելի է, որ տան տարբեր անկիւնները բաղեղի եւ «կեսուր մամայի լեզու»-ի թաղարներ զետեղէք վերոյիշեալ բոյսերուն յատկութիւններէն օգտուելու եւ տան օդը մաքուր պահելու համար:
-Այրած քիմքին արագ դարման գտնելու համար, եթէ տունը գինի ունիք, մեծ ումպ մը ձեր բերնին մէջ որոշ ժամանակ մը պահեցէ՛ք: Սառոյցի կտոր մը նոյնպէս կրնայ մեղմել ցաւը: Նոյնքան ազդու է աղի ջուրով բերնի ողողումը:
-Ծորակները մաքրելու եւ փայլեցնելու համար օգտագործեցէ՛ք ակռայի դեղը: Մածուկով շփեցէք ծորակը, առատ ջուրով ցօղուեցէ՛ք եւ մաքուր, չոր լաթով մը փայլեցուցէ՛ք:
-Ձեռքերուն վրայէն ձուկի, սոխի, ծխախոտի անախորժ հոտէն ձերբազատելու համար զանոնք շփեցէ՛ք կիտրոնով, սուրճի մրուրով կամ պէյքինկ սոտայով:
-Նախքան խաշած հաւկիթը շերտելը՝ դանակին շեղբը տաք ջուրին մէջ դրէ՛ք եւ յետոյ կտրեցէ՛ք. այսպիսով հաւկիթը դանակին չի փակչիր եւ կանոնաւոր շերտեր կը ստանաք:
-Որպէսզի մոմ վառելու ատեն ձեր մատները չայրէք, պարզապէս օգտագործեցէ՛ք սփակեթթիի ձողիկ մը:
-Որպէսզի մոմերը երկար դիմանան եւ շուտով չհալին ու չսպառին, զանոնք սառցարանը պահեցէ՛ք:
-Եթէ կ’ուզէք, որ ձեր սառոյցները թափանցիկ ըլլան, նախքան սառցամաններուն մէջ լեցնելը՝ ջուրը եռացուցէ՛ք, քանի որ այդ ընթացքին ջուրը կը բիւրեղանայ եւ կը մաքրուի մանր-մունր աղտերէ եւ օդի մնացորդէ:
-Եթէ կ’ուզէք, որ բաղնիքը անուշ բուրէ՝ առանց ծանր հոտով սփրէյներ օգտագործելու, ընտրեցէ՛ք ձեր ճաշակին համապատասխանող ուիլ էսանսիել կոչուած, պզտիկ սրուակներով վաճառուող հեղուկները եւ անկէ քանի մը կաթիլ կաթեցուցէ՛ք բաղնիքի թուղթին խաւաքարտին վրայ:
-Եթէ կ’ուզէք, որ ձեր գունատած ճերմակ ասեղնագործերը կրկին դառնան կատարեալ սպիտակ, կաթսային մէջ ջուր տաքցուցէ՛ք, աւելցուցէ՛ք 2 ապուրի դգալ փոշի կաթ, խառնեցէ՛ք եւ գաղջ կաթին մէջ առնուազն մէկ ժամ թրջեցէ՛ք ձեր ասեղնագործը: Ժամ մը ետք զայն չորցուցէ՛ք բացօթեայ՝ սեղանի մը վրայ տարածելով:
-Պնակեղէն, լուալու սպունգները մանրէի բոյն են: Զանոնք քանի մը վայրկեան մանրալիքին մէջ դրէ՛ք, եւ մանրէներուն 90 տոկոսը կը չքանայ:
-Մկրատը սրելու համար առէ՛ք աւազաթուղթի կտոր մը եւ զայն կտրտեցէ՛ք, մկրատին բթացած շեղբերը շուտով կը գտնեն իրենց նախկին վիճակը: