Երկուշաբթի, 31 Յունուարին, Օմանէն պետական պատուիրակութիւն մը Սուրիա ժամանեց, նախագահութեամբ արտաքին գործոց նախարար Պատր պըն Համատ պըն Համուտ Պուսաաիտիի։ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ Մըքտատ պատուիրակութիւնը ընդունելով ըսաւ. «Երկու բարեկամ եւ եղբայր երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնը կը շարունակուի։ Մենք կը յիշենք, թէ Օմանի Իշխանութիւնը ինչպէ՛ս նեցուկ կանգնեցաւ Սուրիոյ՝ ահաբեկչութեան դէմ իր պատերազմի ողջ ընթացքին»։
Իր կարգին օմանցի նախարարը ըսաւ. «Ուրախ եմ, որ Օմանի եւ Սուրիոյ մէջ ռազմավարական յարաբերութիւն կը զարգանայ», աւելցնելով, որ Օման կը ձգտի երկու երկիրներուն գործակցութիւնը զարգացնել։