Արցախի մէջ ստեղծուած է սահմանադրական բարեփոխումներու յանձնաժողով: Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան այսօր ստորագրած է հրամանագիրը, յայտնած են անոր աշխատակազմէն: Հրամանագիրով հաստատուած է յանձնաժողովի անհատական կազմը՝ Արցախի նախագահի աշխատակազմի կառավարութեան գործերու կառավարչութեան պետ Արայիկ Լազարեանի գլխաւորութեամբ: Համաձայն հրամանագիրին, յանձնաժողովին յանձնարարուած է եռամսեայ ժամկէտով նախագահին ներկայացնել սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգը: