24 եւ 25 Փետրուարին «Հայաստան» դաշինքի ղեկավար Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է ՀՀ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան արտագնայ նիստ։ Քննարկուած է հարցերու լայն շրջանակ։ Անդրադարձ կատարուած է խմբակցութեան գործունէութեան, ներքաղաքական հարցերուն, արտաքին խորացող մարտահրաւէրներուն, աշխարհաքաղաքական լարուած իրավիճակին։