28 Փետրուարին Հայաստանի մէջ կը սկսի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 34-րդ Ընդհանուր ժողովը։
 
Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ կառոյցի ներկայացուցիչները, ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ընկերներուն առաջնորդութեամբ, ժողովի բացման նախօրեակին այցելեցին Եռաբլուր պանթէոն եւ ծաղիկներ խոնարհեցուցին հայոց ազատամարտի նահատակներու շիրիմներուն վրայ։ Ընդհանուր ժողովը, որ ՀՅԴ համազգային կառոյցի բարձրագոյն ժողովն է, կը գումարուի 4 տարին անգամ մը։
 
34-րդ Ընդհանուր ժողովը առաջինն է Արցախեան 44֊օրեայ պատերազմէն վերջ եւ կ՚ընթանայ մինչեւ 8 Մարտ։