Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդութիւնը կը յայտարարէ, որ թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի հովանաւորութեամբ, Կրօնական Ժողովին նախաձեռնութեամբ եւ «Օշական»-ի յանձնախումբին հետապնդումով, Փետրուար 2022-էն սկսեալ, նոր շրջանով պարբերաբար լոյս պիտի տեսնէ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդութեան «Օշական» կրօնական լրատուն, որ պիտի ընդգրկէ եկեղեցական-կրօնական նիւթեր։