Արդէն իսկ մշակուած յարաբերութիւնները ամրապնելու նպատակով, ՀՀ Մարդասիրական առաքելութեան զինուորական բանակին ութերորդ խմբակը նախաձեռնեց Ազգ.Պատսպարանի փոքրիկներուն հրաւէրի մը, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 1 Մարտ 2022-ին, մարդասիրական առաքելութեան խումբի կեդրոնէն ներս:
Փոքրիկները ջերմապէս դիմաւորուեցան մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ, ժպիտներով, երգերով եւ ծափահարութիւններով։ Անոնք վայելեցին նաեւ համեղ հիւրասիրութիւնը։
 
Այցելութեան նպատակն էր փոքրիկներուն մօտ սերմանել հայոց բանակին հանդէպ սէր եւ հպարտութիւն, զիրենք ծանօթացնել բանակի առաքելութեան եւ սերտ պահել Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք կապերը։
 
Փոքրիկներուն կ՚ընկերակցէին Պատսպարանի Յանձնախումբը եւ ՍՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Սիրան Ամպարճեանը։