Հայաստան հարուստ է իր գաղտնիքներով եւ այդ պատմութեան մէջ իրենց ուրոյն տեղը ունին խազերը՝ երաժշտութեան սեփական գրութեան նշաններ (նոթագրութիւն): Խազերը մշակուած են VII – IX-րդ դարերուն, ենթադրաբար, բանաստեղծ եւ գիտնական Ստեփան Սիւնեցիի կողմէ: XX-րդ դարու սկիզբը եւրոպացի եւ հայ գիտնականներ սկսած են ուսումնասիրել եւ վերծանել խազերը:
Երաժշտագէտները, որոնք աշխատած են վերծանման վրայ ապացուցած են, որ խազերու ստեղծման հիմքը ազգային երաժշտական մշակոյթն է:
Խազագրութիւնը հայ միջնադարեան հոգեւոր երաժշտութեան գրառման համակարգ է։ XVI-XVIII-րդ դարերուն ընթացքին խազեր կարդալը աստիճանաբար մոռցուած է, սակայն որոշ տուեալներու համաձայն խազագրութիւնը մասնակի կիրառութիւն ունեցած է մինչեւ XIX-րդ դարու կէսերը: Միջնադարէն պահպանուած են հազարաւոր խազագիր ձեռագիրներ, որոնց մէկ մասը (շուրջ 1000 նմոյշ) կը պահպանուի Երեւանի Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանին մէջ:
Խազագրութեան արուեստը ուսումնասիրած են շարք մը եւրոպացի եւ հայ գիտնականներ՝ Հենրիխ Պեթըրմանը, Ֆրանսուա Ֆետին, Օսկար Ֆլայշըրը, Գրիգոր Գապասաքալեանը, Եղիա Տնտեսեանը, Կոմիտասը եւ ուրիշներ։
Կոմիտաս իր կեանքի ողջ ընթացքին զբաղած է խազերու ուսումնասիրութեամբ: Ան շատ մօտ  եղած է խազերու գաղտնիքի բացայայտման, սակայն, աւաղ, աւարտին չէ հասցուցած իր առաքելութիւնը:
Ըստ Կոմիտասի՝ խազերու ամբողջական բացայայտման համար, փորձագէտը պէտք է իմանայ արաբերէն, թրքերէն, պարսկերէն, ինչպէս նաեւ ուսողութիւն եւ այլ յարակից գիտութիւններ:
Խազերու վերծանումը կարեւոր է ոչ միայն հայ երաժշտութեան, այլեւ միջնադարեան համաքրիստոնէական եկեղեցական երաժշտութեան ուսումնասիրութեան տեսանկիւնէն:
Յաճախ ճարտարապետական կառոյցներու վրայ կարելի է հանդիպիլ խազերով մակագրութիւններու, որոնցմով հայ գիտնականներ փափաքած են յաւերժացնել որեւէ նշանակալի դէպք:
Լեռնային Ղարաբաղի Հադրութ – Մարտունի ճամբաներու 10-րդ քմ.-ին վրայ կայ իջեւանատուն մը, որուն կամարները կառուցուած են հայկական աւանդական ոճով: Կամարներէն մէկուն վրայ կայ մակագրութիւն մը, որուն համար օգտագործուած են խազեր՝ «Ես, Ջելի Վարդս, ժամանել եմ (այստեղ) ամրանը 11.30 (1681 թ.)»:
Անուան Ծագումնաբանութիւն
Ըստ Հրաչեայ Աճառեանի խազ բառը փոխառուած է Կովկասեան լեզուներէն եւ կը նշանակէ «գիծ, գիր, ձայնագրական նշան, սիւնի կամ ձեռքի ակօսաձեւ գիծերը, նետի վարի ծայրի ճեղքը»։ Նոյն բառէն կու գայ «խազել» բայը, որ կը նշանակէ «գծել» կամ «մարմինը ճղել, ճեղքել»։