ՏԵՂԱԿԱՆ 
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ 
– ՀՄԸՄ-ի աղջկանց U16-ի խումբը Կիրակի օր իր երրորդ յաղթանակը արձանագրելով 74 – 68 արդիւնքով յաջողեցաւ պարտութեան մատնել Հուրիէն:
– Սուրիոյ պասքեթի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանական մրցումներուն ՀԵԸ-ի տղոց կազմը յաջողեցաւ երկու առիթներով պարտութեան մատնել մրցակից Նասըրը: Երթի հանդիպումը տեղի ունեցաւ Դամասկոսի մէջ եւ աւարտեցաւ 70 – 67 արդիւնքով, իսկ դարձի հանդիպումը դարձեալ աւարտեցաւ ՀԵԸ-ի յաղթանակով՝ 72 – 87 արդիւնքով:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ՝ ԴԱՀՈՒԿԱՎԱԶՔԻ ԳԱՒԱԹԱԿԻՐ 
Հայաստանի դահուկային մարզաձեւի դաշնութիւնը յայտարարեց Աշոցքի մէջ կայացած «Զարգացող պետութիւններու դահուկավազքի գաւաթի» խաղարկութեան արդիւնքները: Դաշնութեան մամլոյ ծառայութիւնը տեղեկացուց, որ Հայաստանի հաւաքականը գրաւեց առաջին դիրքը: Երկրորդ տեղը զբաղեցուց Լիբանանը, երրորդը՝ Սերպիան:
Աւելցնենք, որ Հայաստանի հաւաքականին կողմէ մետալներ ստացան Թադէոս Պօղոսեան, Սպարտակ Ոսկանեան, Գաթիա Գալստեան, Անժելինա Մուրատեան, Գարիկ Պարսամեան եւ Աննա Ռաշոյեան:
ՊԵՆԶԵՄԱՆ ԿՐԿՆԵՑ ՏԻ ՍՏԵՖԱՆՈՅԻ, ՊՈՒՇԿԱՇԻ ԵՒ ՌՈՆԱԼՏՈՅԻ ՑՈՒՑԱՆԻՇԸ 
Սպանիոյ առաջնութեան 27-րդ փուլի մրցումներուն, Ռէալ Մատրիտ 4 – 1 արդիւնքով կրցաւ պարտութեան մատնել Ռէալ Սոսիտատին եւ շարունակել գլխաւորել աղիւսակը: Մայրաքաղաքի խումբի յարձակողական ֆրանսացի խաղացող քարիմ Պենզեման նշանակեց խումբին չորրորդ, իսկ այս տարուան իր անհատական 20-րդ կոլը: Ան անընդմէջ 6-րդ մրցաշրջանն է, որուն ընթացքին Սպանիոյ ախոյեանութեան կը նշանակէ առնուազն 20 կոլ: Արքայական ակումբի պատմութեան մէջ այդ ցուցանիշը ունեցած են Ալֆրետօ Տի Ստեֆանօն, Ֆերենց Փուշկաշն ու Քրիստիանօ Ռոնալտօն: 27-րդ փուլի աւարտին Ռէալ Մատրիտը 63 կէտով կը գրաւէ աղիւսակին առաջին դիրքը եւ հաստատ քայլերով կ’անցնի դէպի ախոյեանութիւն:
ԿՈՒԱՐՏԻՈԼԱ ԿԱՐԻՔ ՈՒՆԻ ՆՈՐ ԽԱՂԱՑՈՂՆԵՐՈՒ 
Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի գաթալոնեացի գլխաւոր մարզիչ Բէբ Կուարտիոլա իր դժգոհութիւնը յայտնելով ըսաւ, որ ընթացիկ մրցաշրջանին կազմը մնաց առանց կեդրոնական յարձակողի: Ան աւելցուց. «Ես կը կարծեմ, որ մեզ պէտք է նոր յարձակող։ Ես համաձայն չեմ պատասխանատուներու այն կարծիքին, թէ խումբը աւելի լաւ կը խաղայ առանց յարձակողի, որովհետեւ մենք կը յաղթենք, բայց երբ մենք չենք յաղթեր, դուք կը հակասէք դուք ձեզ»: Կուարտիոլային խօսքը արձանագրեց BBC-ն։ Աւելցնենք, որ մանչեսթրեան ակումբը հետաքրքրուած է Պորիսիա Տորթմոնտի նորվեկիացի յարձակող Էրլինկ Հալանտի ծառայութիւններով:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան