“Երկիր”._Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 12 Մարտին ընդունած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նորընտիր Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեանն ու ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիյեանը։ Բարձր գնահատելով համահայկական հարցերու լուծման գործին մէջ Դաշնակցութիւն կուսակցութեան ունեցած դերակատարութիւնը՝ երկրի ղեկավարը կարեւոր համարած է կառոյցի աշխարհասփիւռ ներուժի արդիւնաւէտ իւրացման ուղղուած ջանքերը՝ ընդգծելով իր լրիւ պատրաստակամութիւնը այդ առումով: Նախագահը անդրադարձած է Հայ Դատի գրասենեակներուն հետ գործակցութեան՝ նշելով, որ ՀՅԴ 34-րդ ընդհանուր ժողովէն վերջ արդիւնաւէտ հանդիպում ու քննարկում ունեցած է նաեւ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի պատասխանատու Գասպար Կարապետեանին հետ: Զրուցակիցները քննարկած են հանրապետութեան ներքին ու արտաքին քաղաքականութիւնը, առկայ մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի ու աշխարհի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն առնչուող հարցեր։