Ատրպէյճան հայկական Արցախի տարածքները բռնագրաւելէ, անոր մշակութային կոթողները աղաւաղելէ ետք, աստիճանաբար կը ջանայ իրականացնել Արցախը հայաթափելու իր ռազմավարական հեռահար ծրագիրը։ Ան մերթ կը սպառնայ արցախցիներուն՝ խախտելով զինադադարը, մերթ հոգեբանական ճնշում կը բանեցնէ անոնց վրայ՝ սպառնալով զորօրինակ Խրամորթ գիւղի բնակչութեան՝ լքելու  իրենց բնակավայրը, մերթ կենցաղային դժուարութիւններ կը յառաջացնէ, այնպէս ինչպէս յառաջացուց 8 Մարտին՝ վնասելով Հայաստանէն Արցախ մտնող, Շուշիի մօտակայքը գտնուող կազատար խողովակաշարը,  որուն հետեւանքով Արցախի Հանրապետութեան տարածքին դադրեցաւ կազամատակարարումը։
Արցախեան պատերազմի եւ յետպատերազմեան զարգացումները ցոյց կու տան, որ ատրպէյճանական կողմն ու Թուրքիան, օգտուելով աշխարհաքաղաքական ներկայ զարգացումներէն, յատկապէս ռուս-ուքրանական պատերազմէն, Հայաստանի հետ իրենց յարաբերութիւնները բարելաւելու պիտակին տակ միասնաբար կը համադրեն Հայաստանին պարտադրելի նախապայմանները՝ իւրաքանչիւրը իր դիւանագիտութեան քողին տակ։
Վերջին շաբթուան Արցախի իրավիճակի սրումն ու Ատրպէյճանի դիւանագիտական աշխուժացումը յստակ վկաներն են այս խարդաւանքին։
Մէկ Կողմէ Թուրքիան, իբրեւ թէ առանց նախապայմաններու, դիւանագիտական յարաբերութիւններ կը փորձէ վերսկսիլ Հայաստանի հետ, միւս կողմէ Ատրպէյճան Հայաստանի հետ ճանապարհներու ապաշրջափակման խաղաղասիրական տրամաբանութեան պիտակին տակ կը ջանայ Հայաստանին պարտադրել սահմաններու փոխադարձ ճանաչում, սահմանազատում եւ արցախեան հարցի վերջնական փակում։ Այլ խօսքով երկու երկիրները Հայաստանը ապահովական եւ տնտեսական իրենց լծակներուն մէջ առնելու եւ համադրաբար նախապայմաններ պարտադրելու աշխատանքին լծուած են։
Հայաստան կանգնած է թուրք-ատրպէյճանական խաղաղասիրական պիտակին տակ թաքնուած մէկէ աւելի լծակներ դիմադրելու վտանգին դէմ յանդիման։
Պաքուն իր նախապայմաններով կը փորձէ մատրիտեան սկզբունքները փոխարինել իր պարտադրած սկզբունքներով՝ վերջնականապէս մոռացութեան տալու Արցախի ժողովուրդի ազգային ինքնորոշման իրաւունքը։
Հայաստան իր կարգին կը յայտարարէ, որ պիտի դիմէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի միջնորդութեան Ատրպէյճան-Հայաստան խաղաղասիրական բանակցութիւններու ընթացքին։
Թուրք-ատրպէյճանական համադրուած ճնշումներուն դէմ, կովկասեան տարածաշրջանի ներկայ զարգացումներուն լոյսին տակ, Հայաստան իր աշխարհագրական դիրքին օգտագործումով աշխոյժ եւ զգուշաւոր դիւանագիտութիւն վարելու հրամայականին առջեւ կանգնած է։