Եթէ կը կարծէք, թէ ընտանեկան պարտաւորութիւնները, տարիքի յառաջացումը, կամ որեւէ անյաղթահարելի պատճառ կրնայ արգելք դառնալ ձեր ուսումը շարունակելուն, կամ երազը իրականացնելուն, հետեւեցէ՛ք մեր զրուցակիցներուն եւ պիտի վկայէք, որ հաւատք եւ կամք ունեցող աշխատասէր կինը անարգել կրնայ հասնիլ իր նպատակին:
Շաղիկ Տաղլեան-Պարսումեան մայր է, ուսուցչուհի, տանտիկին եւ ուսանողուհի: Ան չէ բաւարարուած 3 վկայականներով (քիմիագիտութիւն, ապա մագիստրոսի կոչում եւ կրթական ձեռնհասութեան վկայական), ներկայիս կ’ուսանի դեղագործութիւն: Վերջինիս առիթը ընծայուեցաւ իրեն քիմիագիտութեան համալսարանի առաջնակարգ շրջանաւարտը ըլլալուն բերումով:
«Շատ խճողուած օրակարգ ունիմ, նախ մայր եմ զաւկիս համար, ապա ուսանողուհի՝ համալսարանը ե ուսուցչուհի՝ դպրոցը: Ընտանեկան պարտաւորութիւններ ունեցող տանտիկին եմ նաեւ: Ես ալ երբեմն չեմ հաւատար, թէ այսքան աշխատանք միաժամանակ ինչպէ՞ս կը տանիմ: Առօրեաս սպառիչ է, բայց ես գոհ եմ», ըսաւ տիկին Շաղիկը մեր մտերմիկ զրոյցին ընթացքին:
Ապա շարունակեց. «2017-ին որոշեցի մասնակցիլ ուսուցիչներու Ողիմպիական մրցումին՝ քիմիագիտութեան ճիւղին մէջ: Ոմանք ըսին, թէ դժուար է, չես կրնար յաջողիլ, բայց այդ խօսքերը ինծի ուժ ու խթան դարձան ջանքերս կրկնապատկելու ու անգամ մը եւս նետուելու գիրքի ու դասի մարզ: Իսկապէ՛ս ալ Հալէպի առաջին դիրքը գրաւեցի, ապա մրցումը շարունակեցի Դամասկոս, ուր Սուրիոյ մակարդակով արժանացայ երկրորդ դիրքին, որուն համար պարգեւատրուեցայ Սուրիոյ Առաջին Տիկնոջ՝ Ասմա ալ Ասատին կողմէ: Իմ երազներէն մէկն էր անոր հետ հանդիպիլ, բայց ոչ պատահականօրէն, այլ իմ ուսմանս, աշխատանքիս ու ջանքերուս հետեւանքով: Հանդիպումը իւրայատուկ էր, օգտաշատ ու շատ մեծ տպաւորութիւն թողուց վրաս: Պարգեւատրումին իբր արդիւնք պաշտօնապէս նշանակուեցայ քիմիագիտութեան մարզիչ՝ աշակերտները Ողիմպիական մրցանքներու մարզելու: Մինչեւ այսօր սիրով կը տանիմ այս աշխատանքը: Յաջողեցայ մրցունակ դարձնել մեծաթիւ աշակերտներ, որոնց մէջ եւս կան հայեր: Իմ այս յաջողութիւնը նախ կը պարտիմ համալսարանական ուսմանս, յարատեւ հետեւողութեանս, ջանքերուս եւ զօրաւոր կամքիս»:
Ընտանեկան պարտաւորութիւններու, ընկերային կեանքի, գործի եւ ուսման միջեւ ժամերը դասաւորելու անհրաժեշտութեան անդրադառնալով տիկին Շաղիկ ըսաւ. «Ես ծրագրել կը սիրեմ: Շաբաթ մը առաջ բծախնդիր ցուցակ մը կը պատրաստեմ ընդհանուր աշխատանքներուս ընթացքին մասին, ներառեալ տան պատասխանատուութիւններուս: Սովորութիւն դարձուցած ենք տան մէջ բոլորս այդ ցուցակին հետեւիլ, եւ յաջողած ենք:  Ժամադրութիւններս կը յարգեմ,    շրջապատէս ալ կը պահանջեմ նոյնը: Բարեբախտաբար ամուսինս թեւ ու թիկունք է ինծի իր հասկացողութեամբ: Համոզուած եմ, որ հիմա իմ վազվզելու տարիքս է: Երբ աշխատանք մը սրտանց կ’ընես, կը յոգնիս, սակայն գոհունակութիւնդ անսահման կ’ըլլայ: Երբ լաւ արդիւնքներով դուրս կու գամ, ներքին գոհունակութիւն մը կ’ապրիմ: Ընկերային կեանք ալ ունիմ, ընտանիքիս ալ բաւարար ժամանակ կը տրամադրեմ, միշտ առաջնահերթութիւնը կը վերապահեմ դստերս»:
Շաղիկ յայտնեց նաեւ, որ թատրոնը իւրայատուկ տեղ ունի իր աշխարհին մէջ:
 «23 տարիէ ի վեր դերասանուհի եմ: Ժառանգական է, արիւնիս հետ շրջան կ’ընէ թատերգութեան հանդէպ տածած սէրս: Ամէն առիթ ընծայուելուն պիտի յայտնուիմ բեմահարթակին վրայ: Արուեստը կը յղկէ մեր ճաշակն ու կեանքը»:
Շեշտելով ուսման կարեւորութիւնը, տիկին Շաղիկ խօսքը ուղղելով կանանց ըսաւ. «Ուսումը տարիք չունի, միշտ ալ առիթներ կան ինքզինքդ զարգացնելու, մի՛ ըսեր ուշ է: Եթէ կամքով զինուած ես, ոչ մէկ բան արգելք կը հանդիսանայ ուսումդ շարունակելու, վկայականդ ստանալու եւ ուզած դիրքիդ հասնելու: Ո՛չ ամուսնական կեանքը, ոչ ալ տարիքով յառաջանալդ: Նախապատուութիւնը տալով զաւակներուդ եւ համաձայնաբար ամուսինիդ ու ծնողքիդ հետ, կրնաս աշխատիլ ու հասնիլ ձգտումիդ: Գաղտնիքը  ներքին ուժդ իմանալու եւ զայն լաւապէս օգտագործելու մէջ է»:
Հարցազրոյցը վարեց
Սեւանայ Հալլաճեան