Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն 29  Մարտին Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցած ռուս-ուքրանական բանակցութիւններուն աւարտէն ետք յայտարարութիւն տարածած է, շեշտելով, որ Թուրքիոյ նախագահը հակամարտութեան սկիզբէն ի վեր դիւանագիտական քայլերու կը ձեռնարկէր այս հարցին համար, իսկ Մարտին
Անթալիոյ մէջ կազմակերպուած Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը բովանդակային էր:
Չաւուշօղլուն յայտնած է, որ ներկայ պահու դրութեամբ առաջնահերթութիւնը զինադադարի հաստատումն ու քաղաքական լուծման քայլերը կը համարուին:
Հետագային նախատեսուած է երկու երկիրներու նախագահներու հանդիպումը: