Սփիւռքահայուն համար հայրենի հող ու տուն եղած է մայրենին։ Մեր սիրելի ոսկեղնիկը պահելն ու զայն սերունդէ սերունդ փոխանցելը՝ հայուն ճիտին դրուած մեծագոյն աւանդն է։
Այսօրուան պայմաններուն մէջ, մայրենիին պահպանումն ու ճիշդ օգտագործումը կը պահանջեն յենարաններ, որոնք առաւելաբար հայկական վարժարաններն են՝ իրենց ջամբած հայեցի կրթութեամբ ու լեզուի ուսուցմամբ։ Այս ելակէտէն մեկնած, հալէպահայ գրող եւ մտաւորական Լեւոն Շառոյեանի մտայղացումով լոյս տեսաւ արեւմտահայերէնի քերականական ուղեցոյց մը «Գրականաշունչ Պտոյտ՝ Այբուբենի Տառերուն Հետ» խորագիրով։
 
Գիրքը հրատարակուեցաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան հովանաւորութեամբ եւ մեկենասութեամբ։
Հայերէնի քերականութեան առնչուող այս գիրքը կոչուած է դառնալու իւրաքանչիւր հայերէնասէր հայորդիի ուղեցոյցը եւ լոյս սփռելու արեւմտահայերէնի քերականութեան վիճելի հարցերուն վրայ։
Հատորին լոյս ընծայման գլխաւոր խթանը հանդիսացաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան։
 
Գիրքը նպատակասլաց եւ ճշգրիտ գործածութեան դնելու համար հրատարակիչ մարմինին եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի ջանքերով օրինակներ տրամադրուեցան Սուրիոյ հայկական վարժարաններու հայերէնաւանդ բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն։ Շնորհակալական եւ երախտագիտութեան արժանի են սոյն աշխատանքի հեղինակն ու հովաւանոր մարմինը, որոնք մայրենիի պահպանման կը հրաւիրեն ընթերցողը եւ կը հունաւորեն հայ ուսուցիչին ուղեգիծը։
Դիւան
Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Համայնքային Գործադիր Մարմինի