Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին նուիրուած բոլոր ձեռնարկներուն ընթացքին նկատելի էր սուրիահայ երիտասարդութեան կազմակերպ աշխատանքն ու պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութիւնը:
Միութենական շարքերուն մէջ կոփուած ու կազմակերպչական աշխատանքի փորձառութիւն ձեռք  ձգած երիտասարդութիւնը կը յատկանշուէր նաեւ իր տաղանդով ու իր ստանձնած գործին հանդէպ տածած հաւատքով: Ան ո՛չ միայն կազմակերպողն էր, այլեւ մաս կը կազմէր յայտագիրներուն՝ պատգամներով, ասմունքով, երգով, երգչախումբով, ջահերթով, փողերախումբով ու երաժշտական այլ կատարումներով:
Երեւոյթը հպարտութիւն կը ներշնչէր, որովհետեւ 11 տարի պատերազմական պայմաններու մէջ ապրած երիտասարդութիւնը ո՛չ թէ ընճկուած էր, այլ դարձած՝ ուժեղ, վստահելի ու տարաբնոյթ աշխատանքներ գլուխ հանող, յարգանք պարտադրող տարր:
Այս բոլորին կողքին էականը, սակայն, իր ժողովուրդի դատին գիտակից ըլլալու եւ ժամանակակից քաղաքակիրթ բոլոր միջոցներու օգտագործումով ներհայկական ու  արաբական միջավայրերու մէջ իր ժողովուրդին պահանջատիրութիւնն ու իրաւունքները յստակօրէն, անվարան ներկայացնելու պատասխանատուութիւնը իր վրայ վերցնելու անոր յանդուգն եւ գիտակից կեցուածքն էր:
Աշխարհաքաղաքական ներկայ զարգացումները բիրտ ուժի կիրարկման, իրաւունքներու անտեսման, պատերազմներու եւ փոքր ազգերն ու երկիրները ճնշելու ուղիով կ’ընթանան:
Այս բոլոր վտանգներուն դէմ դնողը եւ ազգային ու հայրենական մեր կեանքը հունաւորողը, յոյսի, յառաջընթացի դրօշը բարձրացնողը մեր երիտասարդութիւնն է: Ուստի կոչուած ենք ամէն գնով սատարելու անոր, որպէսզի կատարելագործէ իր նախասիրած մասնագիտութիւնը ու մրցունակ դառնայ իր մտածողութեամբ, ստեղծագործ ու քննական միտքով, տաղանդով ու աշխատանքով:
Այս բոլորին կողքին, հարկ է ստեղծել տնտեսական այնպիսի ցանցեր, որոնք նիւթապէս կ’օժանդակեն մեր երիտասարդութեան՝ աշխատանքի այլազան միջոցներու որդեգրումով, գործի հայթայթումով, երկրի տնտեսական կարեւոր ոլորտներ ուղղելով զայն ու իր կենսամակարդակը բարելաւելով:
Այս երիտասարդութիւնն է մեր ապագայ կորիզը, որուն պէտք է խնամել, օժանդակել, որպէսզի դառնայ ե՛ւ աշխատող, ե՛ւ ծառայող, ե՛ւ զարգացող տարր:
Օժանդակութիւնները պէտք չէ սահմանել նիւթական պարագայական յատկացումներով, կամ մասնագիտացման կարճաժամկէտ ծրագիրներով, այլ անհրաժեշտ է ունենալ մշակուած բազմերես ծրագիր ու զայն քննարկել երիտասարդութեան հետ, իմանալու  անոր կարիքները, յաղթահարելու անոր դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ ուսման, աշխատանքի, մասնագիտացման  առիթները լայն բանալու անոր դիմաց, ի հարկին ամէն տեսակի ներդրում կատարելով այս տարրին ուժեղացման ու գործուղման համար:
Մեր երիտասարդութիւնը հայ ոգիին, հայ գիր ու գրականութեան, հայոց պատմութեան, հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին ակունքներէն սնանելով մէկտեղ, պէտք է  ունենայ կարողութիւնը աղերսուելու տարբեր միջավայրերու, տարբեր ազգերու եւ տարբեր մշակոյթներու հետ, աւելի մրցունակ ու իմաստուն դառնալու եւ ընկալելու իր եւ զինք շրջապատող աշխարհը: