“Արմէնփրէս”._ Թուրքիոյ խորհրդարանի մէջ ներկայացուած քրտամէտ «Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան» հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանին դէմ դատախազութեան բողոք ներկայացուած է։

«Թրքական կրթութիւնը դուն ես» (Türk Eğitim Sen) հասարակական կազմակերպութեան Էտիրնէի մասնաճիւղը «Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան» HDP-ի փոխնախագահ եւ Տիարպեքիրէն ընտրուած հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանին՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին Թուրքիոյ խորհրդարան ներկայացուած օրէնսդրական նախաձեռնութեան առնչութեամբ Էտիրնէի հանրապետական դատախազութեան բողոք կատարուած է։

ՀԿ մասնաճիւղի ղեկավար Մուսթաֆա Քափլան յայտարարած է, որ Կարօ Փայլանին դէմ բողոքը ներկայացուցած են «կեղծ եւ զրպարտչական» յայտարարութիւններուն համար: