Երեքշաբթի, 10 Մայիս 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան դոկտ. Նորա Մարտիրոս Արիսեան երդում տուաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատին դիմաց։
Արիսեանի կողքին, երդման արարողութիւնը կատարեցին նաեւ Սուրիոյ Պաշտպանութեան նորանշանակ նախարար գնդապետ Ալի Մահմուտ Ապպաս եւ Չինաստանի մէջ Սուրիոյ Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Մուհամմէտ Հասանէն Խալիլ Խատտամ։
Յետ երդման արարողութեան, նախագահ Ասատ ընդունեց նորանշանակ նախարարն ու երկու դեսպանները, շնորհաւորեց զիրենք իրենց ստանձնած նոր պաշտօններուն առիթով եւ թելադրանքներ փոխանցեց։
Երդման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատ եւ Սուրիոյ նախագահական պալատի նախարար Մանսուր Ազզամ։