Սուրիոյ Լրագրողներու Միութիւնը դատապարտեց իսրայէլեան ուժերուն կողմէ պաղեստինցի լրագրող Շիրին Ապու Աքլէի սպանութեան յանցագործութիւնը՝ կոչ ուղղելով միջազգային հանրութեան անհրաժեշտ միջոցներու ձեռնարկելու այս յանցագործութեան հեղինակները պատասխանատուութեան ենթարկելու համար։
 
Միութիւնը յայտնած է, որ սպանութիւնը եղած է դիտումնաւոր, որովհետեւ փամփուշտը ուղղուած է Ապու Աքլէի գլխուն: