Քորոնայի համաճարակին պատճառով մէկ տարուան ակամայ յետաձգումէ ետք, համաՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերը այս ամառ, 20-30 Յուլիս 2022-ին, տեղի պիտի ունենան Հայաստանի մէջ։
Ի տարբերութիւն նախորդ մարզախաղերուն, 11-րդ մարզախաղերը պիտի յատկանշուին քանի մը նորութեամբ։ Արդարեւ, այս մարզախաղերուն առաջին անգամ ըլլալով պիտի կիրարկուին 3×3 պասքեթպոլի, ծովափի վոլիպոլի եւ կոլֆի մրցումներ, ֆութպոլի, պասքեթպոլի, վոլիպոլի, ֆութսալի, ճատրակի, աթլէթի, փինկ-փոնկի, լողի եւ թենիսի մրցումներու կողքին։
Մարզախաղերուն երկրորդ նորութիւնը անհատական կարողութեան մրցումներն են, որոնք առաջին անգամ կիրարկուեցան անցնող ձմրան կազմակերպուած համաՀՄԸՄ-ական առցանց մարզախաղերուն։ Մրցումները արձանագրեցին մեծ յաջողութիւն եւ նկատի առնուեցան նաեւ այս մարզախաղերու պաշտօնական մրցումներուն կողքին։
ՀամաՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերը կը յատկանշուին այն իրողութեամբ, որ առաջին անգամ ըլլալով, մասնակիցներու արեւելումի աշխատանքները կը կատարուին նախապէս, առցանց, դաստիարակչական բնոյթի եօթը տեսանիւթերով, որոնք մասնակիցներուն կը ծանօթացնեն միութեան մարզական պատմութիւնը, համաՀՄԸՄ-ական մարզախաղերու նպատակը, 11-րդ մարզախաղերու ընթացքը, Fair play-ի՝ արդար խաղի կանոնները, մայրաքաղաք Երեւանը եւ այլ նիւթեր։
Մարզախաղերը ունին բարեսիրական աշխատանքներու եւ Հայաստանին ծանօթացման յատուկ յայտագիրներ։ Նախատեսուած է մարզախաղերու մասնակիցներուն անունով երեխաներու ի նպաստ ծրագիր մը իրականացնել Հայաստանի սահմանային շրջաններէն մէկուն մէջ։ Կը մշակուի նաեւ ծրագիր մը, որպէսզի մասնակիցները առիթը ունենան առնչուելու իրենց ազգային, հոգեւոր, մշակութային արմատներուն հետ։
Իբրեւ նորութիւն պէտք է նշել նաեւ «Հրաշք» մարզախաղերու կազմակերպումը՝ մարզական այս մեծ իրադարձութեան օրերուն։ «Հրաշք» մարզախաղերը յատուկ խնամքի կարօտ մանուկներու եւ երիտասարդներու համար կազմակերպուող խաղեր են, որոնք 2018-էն ի վեր կը կիրարկուին ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու շրջանին մէջ։ «Հրաշք» մարզախաղերուն կը նախատեսուի, որ մասնակցին 12-22 տարեկան 200 երեխաներ եւ երիտասարդներ Հայաստանի զանազան շրջաններէն եւ Սփիւռքէն։ Այս մարզախաղերուն համար նկատի առնուած են յատուկ դաշտ եւ մարզական սարքեր։
ՀամաՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերը ընթացք պիտի առնեն 20 Յուլիս 2022-ին կազմակերպուած պաշտօնական մամլոյ ասուլիսով։ Յաջորդ օր, մարզախաղերու մասնակիցները կ’այցելեն Եռաբլուր եւ Ծիծեռնակաբերդ, ապա ընթացք կ’առնեն մրցումները, որոնք կ’երկարին ինը օրերու վրայ։ Բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը նախատեսուած է «Հայ Մարզիկի Օրը»՝ 22 Յուլիսին, իսկ աւարտական մրցումները եւ փակման հանդիսութիւնը՝ 29 Յուլիսին։ 30 Յուլիսին կը կատարուի յաղթանակի պարահանդէս։
Կը սպասուի, որ մարզախաղերուն մասնակցին ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ շրջաններէն աւելի քան 600 մարզիկ-մարզիկուհիներ, ինչպէս նաեւ՝ Թեհրանի «Արարատ» եւ «Նայիրի» միութիւններէն պատուիրակութիւններ։
ՀամաՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը միայն մրցում, մետալ, բաժակ եւ պարգեւատրում չեն։ Մարզախաղերը մթնոլորտ են, ազգային ապրում եւ հաւաքական պատկանելիութեան գիտակցութիւն։
Գլխաւոր յաղթականը այս պարագային հայութիւնն է, որ գիտէ 104 տարի ապրեցնել ՀՄԸՄ-ը եւ ապրիլ ՀՄԸՄ-ով, ոգեւորուած անոր «մարզական բանակ»ով եւ ամրապնդուած անոր հայկականութեամբ, ինչ որ գլխաւոր երաշխիքն է պատրաստութեանը սերունդի մը, որ բարոյալքում չճանչնայ, յաղթանակի հպարտութիւն ունենայ եւ միշտ ընթանայ յառաջ, անսասան ու անդեդեւ։
ՀՄԸՄ-Ի 
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ