11 Մայիս 2022-ին Ֆրանսայի հրապարակին վրայ հանրահաւաքի աւարտէն վերջ տեղի ունեցած է քննարկում՝ աւելի քան երեք տասնեակ մտաւորականներու մասնակցութեամբ։ Անոնց մէջը եղած է բանաստեղծ Վահէ Արսէն, ՀՀ ժողովրդական արթիսթ Հրանդ Թոխատեան, կինոտրամաքուրկ Լեւոն Գալստեան, գրականագէտներ Սերժ Սրապիոնեան, Կարօ Վարդանեան, Կարէն Արիստակէսեան, կինոռեժիսոր Սամուէլ Թադէոսեան, մնջախաղի պետ թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Ժիրայր Դադասեան, արեւելագէտ, դոկտ․ փրոֆեսոր Ռուբէն Մելքոնեան եւ այլք։

ՀՅԴ ԳՄ անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, հրապարակախօս, թարգմանիչ Լիլիթ Գալստեան անդրադարձած է այդ քննարկումին․ «Ֆրանսայի հրապարակին վրայ մշակոյթի գործիչներն էին․ եկած է որոմը ցորենէն զատելու ժամանակը եւ անոնք ըսելիք ունին, անոնք յանձնառու են, նիկոլէն վերջ Հայաստանի մէջ շատ ընելիք կայ, եւ առաջին կարգին մշակոյթով ու կրթութեամբ պիտի վերականգնենք մեր զտարիւն տեսակը։ Պայքար, միութիւն, յաղթանակ», գրած է ան։