Բոլորիս մտքերուն մէջ անջնջելի կը մնան մանկութեան յիշատակները, մանաւանդ մեր առաջին ուսումնական վկայական ստացած օրը՝ մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսին օրը։ Այս տարի, Ազգ. Մանկապարտէզի յարկին տակ երեք տարիներ բոլորելով, աւելի քան 50 փոքրիկներ շրջանաւարտ դարձան եւ մեզի ներկայացուցին երեք տարուան մէջ Ազգ. մանկապարտէզի օգտաշատ ծառէն իրենց քաղած պտուղները։ 
Հանդէսը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 15 Մայիս 2022-ին, Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս։ Հանդէսին ներկայ էին Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի ներկայացուցիչ՝ Տէր Զարեհ Քահանայ Շաքարեան, Բերիոյ Թեմի Ազգ. Վարչութեան եւ Ուսումնական Խորհուրդի, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ծնողներ։ 
Բեմը կը ցոլացնէր մանկապարտէզի գունագեղ առօրեան. գոյնզգոյն մատիտներ, տետրեր, փուչիկներ, խաղալիքներ ու բեմին եզերքը դաշնամուրի ստեղնաշարը պատկերող լայն երիզ մը։ 
Երբ վարագոյրը բացուեցաւ, փոքրիկներէն խումբ մը բեմին վրայ կը զրուցէր հանդէսին նիւթին մասին. ի՞նչ նիւթ ընտրել, որպէսզի հանդիսատեսը հետաքրքրութեամբ դիտէ, որո՞նց օգնութեան դիմել, ինչպէ՞ս հոգալ հանդէսին ծախսերը եւ այլն։ Ապա անոնք դիմեցին իրենց ուսուցչուհիներուն եւ մանապարտիզպանուհիին ու հանդէսը նուիրուեցաւ ընտանիքի տօնին։ 
Փոքրիկները իրենց պատրաստած գեղարուեստական յայտագիրով, քիչ մըն ալ մանկական հաճելի վրիպումներով իրենց ուրախ-զուարթ աշխարհը բացին մեր դիմաց։ 
Անոնք ներկայացուցին փունջ մը պարեր, ինչպէս՝ ծաղիկներու պարը, մօր նուիրուած պարը, եւ մերթ ընդ մերթ արտասանեցին իրենց դպրոցին, ծնողքին, ընտանիքին ու հայրենիքին նուիրուած խօսքեր։ Ապա անոնք երգչախումբ կազմելով երգեցին մանկապատանեկան եւ ազգային երգեր, ինչպէս նաեւ Ազգ. Մանկապարտէզին նուիրուած երգ մը, որուն հեղինակն էր մանկապարտիզպանուհի Նուշիկ Չաքրեան, երաժշտութիւնը յօրինած էր Լիլի Գէորգեան, երգչախումբին դաշնամուրով կ’ընկերակցէր ուսուցչուհի Փաթիլ Վարդապետեան։ 
Աւարտին, մանկապարտիզպանուհին բեմ հրաւիրեց Ազգ. Մանկապարտէզի «Կոկոն» եւ «Ծաղիկ» կարգերու դաստիարակները, որպէսզի ներկայացնեն փոքրիկները եւ պատրաստեն զիրենք վկայականի բաշխման արարողութեան։
Վկայականները յանձնեցին մանկապարտիզպանուհին եւ Արժ. Տէր Զարեհ Քահանայ Շաքարեանը։ 
Քահանայ հայրը աւարտին իր եզրափակիչ խօսքով Առաջնորդ Սրբազան Հօր ողջոյնները, շնորհաւորութիւններն ու գնահատական խօսքերը փոխանցեց, ապա ըսաւ, որ «Սփիւռքի Տարուան» խճանկարին մէջ շրջանաւարտ այս սերունդը իւրայատուկ տեղ պիտի գրաւէ։ 
«Այս փոքրիկները ոչ միայն մեզմէ կը սորվին, այլեւ մեզի կը սորվեցնեն հաւատարմութիւն, սէր ու ընկերասիրութիւն», աւելցուց քահանայ հայրը ու մաղթեց, որ անոնք յաջողութեամբ մուտք գործեն նախակրթարան, ետքը Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան, որպէսզի հետագային ըլլան յաջող դէմքեր, ծառայեն իրենց ազգին ու համայնքին։ 
Հանդէսը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։
Անի Պօղիկեան