«Էրմէնի հապեր».-Պաշտօնական այցելութեամբ Ատրպէյճան գտնուող Թուրքիոյ գիւղատնտեսութեան ու անտառատնտեսութեան նախարար Վահիտ Քիրիշչին ներկայ գտնուած է Պաքուի մէջ տեղի ունեցող «Caspian Agro» գիւղատնտեսական ֆորումի բացումին: Քիրիշչին նախաձեռնութեան աւարտին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին խօսած է նաեւ 44-օրուան պատերազմին հետեւանքով Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Արցախի տարածքներուն մէջ գիւղատնտեսական գործունէութիւն ծաւալելու անհրաժեշտութեան մասին:
Ան մասնաւորապէս ըսած է. «Հայկական բռնագրաւումը աւարտած է. այդ բռնագրաւումին առնչուած բազմաթիւ եղբայրներ լքած են այդ շրրջանները: Մեր այդ եղբայրներուն միայն «վերադարձէք ձեր հողերը» ըսելը բաւական չէ եւ իմաստ պիտի չունենայ: Վերադառնալու ատեն պէտք է անպայման աշխատանք ըլլայ, որ կարենան իրենց առօրեայ կենսագործունէութիւնը շարունակել:
Այդպիսի տարածաշրջանի մէջ ամենաարդիւնաւէտ աշխատանքը գիւղատնտեսական գործունէութիւնն է»: Ապա աւելցնելով ըսած է. «Եղբայր ու բարեկամ Ատրպէյճանի համապատասխան նախարարներու ու նախարարութիւններու հետ իրականանալի նախագիծեր ունինք:
Այդ նախագիծերը  գիւղատնտեսական ոլորտի վերակառուցման կը վերաբերին»: Քարիշչին յայտնած է, որ պէտք է աշխատանքներ տարուին հողագործութեան՝ իր տարբեր ուղղութիւններով, անասնապահութեան՝ մեծ, փոքր եղջերաւոր անասուններ, թռչնաբուծութիւն,  եւ այլ ոլորտներու մէջ: