Այսօր, 19 Մայիսի առաւօտեան «Դիմադրութիւն» շարժումը Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով անհնազանդութեան խաղաղ ցոյցեր իրականացուցած է Երեւանի բոլոր թաղամասերուն մէջ։
 
Մայրաքաղաքի տարբեր բաժիններուն մէջ քաղաքացիները փողոցներ փակած են։
Ոստիկանները փորձած են վերականգնել երթեւեկութիւնը։
 
Ֆրանսայի հրապարակէն սկսած երթը ցոյցի ընթացքին պահ մը կանգ առած է Պետական եկամուտներու կոմիտէի շէնքին առջեւ։
 
«Երէկ այս կոմիտէի ղեկավարը աւելորդ-պակաս յայտարարութիւններ կատարած է, թէ Հայաստանի մէջ չկայ Նիկոլի հեռացման հանրային պահանջ։ Էս Սորոսի դաստիարակութիւն ստացողը, որ եկաւ, Արդարադատութեան Նախարարութիւնը քանդեց, հիմա ՊԵԿ-ը կ’օգտագործէ քաղաքական նպատակներու համար։ Մենք տեղեկութիւններ ունինք, որ քայլեր առնուած են մեր այն աջակիցներուն նկատմամբ, որոնք մասնակցած են հանրահաւաքին։ Եկած ենք այստեղ զգուշացնելու՝ զբաղուէ քու պարտականութիւններով ու լիազօրութիւններով ու մնայ չափերուդ մէջ եւ այլեւս չփորձես գնահատական տալ այս շարժումի մասնակիցներու գործողութիւններուն։ Մենք գիտենք՝ ուրկէ դաստիարակութիւն ստացած ես, ինչ արժէքներով կ’ապրիս։ ՊԵԿ-ը տարիներ շարունակ ծառայած է մեր պետութեան, երբեք չէ ծառայած որեւէ անձի։ Այն ճնշումները, որ կը գործադրէք Դիմադրութեան շարժումին աջակցող գործարարներուն հանդէպ՝ բոլորը կ’ամրագրուին», ՊԵԿ-ի դիմաց յայտարարած է ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան։
 
Ներկաները վանկարկած են «Առանց Նիկոլ Հայաստան»։
 
Մօտաւորապէս 15 վայրկեան փակ մնացած է Տէրեան փողոցի խաչմերուկը․ քաղաքացիներէն մէկը մեքենան թողած է եւ միացած է երթին, միւսերը ողջունած են այն, որ մեքենաներու մէջէն եռագոյն դրօշ ցուցադրած են։ Ցուցարարները գունաւոր ծուխ բացած են. խումբ մը երիտասարդներ պարած են ազգային պարեր։
 
Հրազդան մարզադաշտի յարակից տարածքին անհնազանդութեան ցոյցի մասնակիցներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ հրմշտոց սկսած է. երթի մասնակիցներէն մէկը բարձրացած էր հանրակարգ եւ ծածանած է Հայաստանի դրօշը: Ոստիկանները փորձած են բերման ենթարկել երիտասարդները իսկ ցուցարարները հեռացնել երթեւեկելի մասէն:
 
Երեւանի խցանումներու մէջ մնացած շատ քաղաքացիներ ողջունած են խաղաղ անհնազանդութեան ցոյցեր իրականացնողները, իրենց աջակցութիւնը յայտնած են, եւ նոյնիսկ միացած են անոնց պայքարին: