Կիրակի, 15 Մայիս 2022-ին, Միաբան Հայրեր եւ դպրեվանեցիր կատարեցին երեկոյեան ժամերգութիւն եւ անդաստան, որմէ անմիջապէս ետք, միաբան հայրերով եւ դպրեվանեցիներով կազմուեցաւ Հայրապետական թափօր, որոնք միասնաբար ուղղուեցան Մայր Տաճարի կողքին, ուր նախագահութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, սկիզբ առաւ Սրբալոյս Միւռոնի պատրաստութիւնը։
 
Տէրունական աղօթքէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը աղօթք առաքեց առ Աստուած, որ Սրբալոյս Միւռոնը դառնայ օրհնութիւն եւ խաղաղաբեր Հայ Եկեղեցւոյ, Հայրենիքին, Սփիւռքին եւ սփիւռս աշխարհին համար։ Աղօթքէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը Սրբալոյս Միւռոնի պատրաստութեան կաթսայի կրակը վարեց։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը իր Հայրապետական խօսքը ուղղելով միաբան հայրերուն ու ներկաներուն ըսաւ, թէ այս Սրբալոյս Միւռոնով եկեղեցւոյ սպասաւորներ պիտի օծուին, քրիստոնեայ մանուկներ մկրտուին եւ հիւանդներ բժշկուին եւ աղօթող ենք, որ անիկա դառնայ բալասան հիւանդներուն եւ օրհնութիւն հայ ազգին ու ժողովուրդին։
 
Յայտնենք, որ Սրբալոյս Միւռոնը կը պատրաստուի աւելի քան 40 բոյսերու ու ծաղիկներու հիւթերէ, որոնք միաբան հայրեր եւ դպրեվանեցիներ, զանոնք տեղադրեցին եփուելիք կաթսային մէջ։ Գլխաւորութեամբ Մայր Տաճարիս լուսարարապետ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի եւ օգնութեամբ միաբան Հայրերուն, Ս. Միւռոնը 48 ժամ անդադար եփուեցաւ աղօթքներով ու սաղմոսասացութիւններով։
 
Ապա, Ս. Միւռոնը եփուելէ ետք, Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն տեղադրուեցաւ Ս. Խորանին ձախակողմը։ 40 օրեր շարունակ այդտեղ խորանին վրայ մնալէ ետք, ձեռամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, 1 Յուլիս 2022-ին, պիտի կատարուի Միւռոնօրհնէք։ Աւանդաբար Ս. Միւռոնի օրհնութիւնը կը կատարուի եօթը տարին անգամ մը, որուն կը մասնակցին զանազան երկիրներէ եկած ուխտաւորներ։