“Երկիր”._22 Մայիսին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը։ Քննարկումին համաձայնութիւն գոյացած է տարածաշրջանային ճանապարհային ապաշրջափակման աշխատանքներու հետագայ ընթացքին, սահմաններու սահմանագծման ու ապահովութեան հարցերով յանձնաժողովի աշխատանքներու մեկնարկին մասին: Քննարկումի առարկայ դարձած են նաեւ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցային գործընթացի նախապատրաստութիւններուն, մարդկային հարցերուն, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման առնչուող հարցեր: Հանաձայնութիւն գոյացած է նաեւ շարունակելու եռակողմ հանդիպումները` նախատեսելով նմանատիպ հանդիպում իրականացնել նաեւ Յուլիսին կամ Օգոստոսին: