Հալէպի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Տիկնանց Միացեալ պաշտամունքը՝ նուիրուած «Մայրերու Օր»ուան, տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 11 Մայիս 2022_ին, Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ մէջ։
 
Օրուան բանախօսն էր Մարինա Պօզեագալեան-Պազարպաշեան։ Այս տարի Մ. Պիւլ Մայրիկին Հալէպի մէջ սկսած գործունէութեան հարիւրամեակն է։ Ուստի բանախօսը սահիկներով ներկայացուց Միս Պիւլ Մայրիկին նուիրական կեանքը։
 
Գթութեան քոյր, նուիրեալ դաստիարակ, անկեղծ ու հոգատար խորհրդատու, գորովագութ ու սիրող մայր, սրբանուէր եւ առաքինազարդ հաւատաւոր Միս Պիւլ Մայրիկը՝ Աննա Հէտուիք Պիւլ, ծնած է 23 Յունուար 1887-ին Էսթոնիոյ Հաաբսալու քաղաքը, բարեպաշտ եւ բարեկեցիկ ընտանիքի մը մէջ: Ծնողքը ունեցած է հինգ դուստրեր, որոնց չորրորդը Հ.Պիւլն է: Նախնական ուսումը ստացած է իր ծննդավայրին մէջ, ապա մեկնած է Ռուսիա՝ Փեթերսպուրկ եւ ստացած է մանկավարժական բարձրագոյն կրթութիւն, որմէ ետք անցած է Գերմանիա եւ մտած Ս.Գրոց վարժարան: Բացի իր մայրենիէն, լաւապէս տիրապետած է ռուսերէնին, գերմաներէնին անգլերէնին, ֆրանսերէնին եւ հետագային հայերէնին ու թրքերէնին: Հայրը կանուխ մահացած է եւ մայրը ստանձնելով դուստրերուն կրթութիւնը, զանոնք աւետարանական դաստիրակութեամբ կրթած է:
 
Հետուիք Պիւլ մեծապէս ազդուած է քարոզիչներու պատգամներէն, իմաստուն զրոյցներէն, յատկապէս Վեր.Իւան Քարկէլէն: Հ.Պիւլ կը վկայէ թէ. «Քարկէլ սիրոյ մարմնացում էր եւ իր սուրբ ապրելակերպով մարդոց խիղճը կ’արթնցնէր»:
 
Հետզհետէ հետեւելով միսիոնարներու ծաւալած աշխատանքին, ինք եւս իր կոչումը կը տեսնէ տկարներուն եւ զրկուածներուն օգնութիւն ցուցաբերելու, միսիոնարական գործունէութիւն ծաւալելու մէջ եւ վերջնական որոշում կ’առնէ նուիրուելու հոգեւոր կեանքին եւ մարդասիրական աշխատանքին:
 
19Օ9-ին եւրոպական թերթերէ կ’իմանայ Կիլիկիոյ մէջ կատարուած ջարդերուն, հայերու ահաւոր տառապանքներուն մասին եւ սիրտը շատ կը ցաւի, ուստի կ’առաջարկէ այդ հեռաւոր երկիրը երթալ, որպէսզի հայ երեխաներու փրկութեան գործին մասնակից դառնայ:
 
1911-ին կը մեկնի Կիլիկիա՝ Մարաշ քաղաքը: Գերմանական մարդասիրական կազմակերպութիւնները կեդրոնացած էին Մարաշ քաղաքին մէջ, ուր հազարաւոր որբ երեխաներ եւ այրի կիներ կային: Մարաշի մէջ առաջին որբանոցները հիմնուած էին 1895 -96 թթ. համիտեան ջարդերու ժամանակ: Կային ամերիկեան եւ գերմանական որբանոցներ, տղոց եւ աղջկանց բաժանմունքներով:
Գերմանական որբանոցի աղջկանց բաժնի տեսուչն էր օր. Պէաթրիս Ռոնըր, որ մեծ ազդեցութիւն ձգած էր Մ.Պիւլի վրայ: Իր աշխատանքի առաջին քայլերը անոր հսկողութեան տակ եւ հետեւողութեամբ եղած են: Օր. Պէաթրիս շատ մեծ սիրով կապուած էր հայ երեխաներուն, որոնց փրկութեան համար ջանք չէր խնայած եւ 1915- ի ջարդերուն ի՜նչ զոհողութիւններով կարողացած էր հազար որբ երեխաներ փրկել եւ իրենց համար Հալէպի մէջ որբանոց հիմնել:
 
Եւ եկաւ 1915 արիւնալի տարին եւ Հ.Պիւլ ականատես եղաւ թուրքին գործած ոճիրներուն։ Ան շատ լաւ գիտէր, թէ ինչո՞ւ թուրք պետութիւնը ձեռնարկեց այդ բարբարոսութեան: Պիւլ կրնար հեռանալ եւ ազատիլ այս մղձաւանջէն, սակայն չլքեց իրեն հոգատարութեան յանձնուած որբերը եւ մնաց անոնց հետ, անոնց համար:
1916- ին կը տեղափոխուի Մարաշի հարաւը՝ Հարունիէ գիւղը եւ գերմանական որբանոցին մէջ որպէս վարժուհի կը շարունակէ իր գործը:
 
1918-ին Պոլիսէն այդ որբանոցի որբերուն աքսորման հրաման կուգայ: Մ. Պիւլ գերմարդկային ջանքեր կը թափէ հայ որբերը թրքական մահուան սպառնալիքէն ազատելու համար: Այդքան կը տառապի որ շատ ծանր կը հիւանդանայ:
 
Նոյն տարին 28 Մայիսին Հայաստանի անկախութեամբ խրախուսուած կը մտածէ հայ որբերը փոխադրել Հայաստան եւ ինք հետերնին: Ուրեմն անհրաժեշտ էր լաւ տիրապետել հայերէնին: Ինք լաւապէս տիրապետեց հայերէնին եւ ստիպեց բոլոր թրքախօս հայ գործընկերները, որ հայերէն սորվին: Իր ներկայութեան երբեք չէր արտօներ որ թրքերէն խօսէին:
 
Ապա ֆրանսացիները մտան Կիլիկիա եւ վտարեցին բոլոր գերմանացի քաղաքացիները, իսկ Մ. Պիւլ էսթոնացի ըլլալուն պատճառաւ մինակ մնաց որբանոցին մէջ եւ ստանձնեց տնօրէնութեան պաշտօնը: Սակայն 1919-ին իրեն ալ ստիպեցին որ հեռանայ հոնկէ եւ վերադառնայ Էսթոնիա:
Մ. Պիւլ հեռու չկրցաւ մնալ հայութենէն եւ 1922-ին մեկնեցաւ Հալէպ, որպէս ներկայացուցիչ «Աքսիոն Քրէթիէն Ան Օրիան» (Քրիստոնէական Առաքելութիւն Արեւելքի մէջ) կազմակերպութեան, որուն տնօրէնն էր տոքթ. Փօլ Պէրոն։
 
Հալէպի մէջ հայերը կեդրոնացած էին Սուլէյմանիէ, Ռամատանիէ, Զէյթուն խան եւ այլ թաղամասերու մէջ, կառուցուած թիթեղածածկ հիւղակներու մէջ, որոնք յայտնի էին «Հայկական Քէմբ» անունով:
Այդ քէմբերուն մէջ գաղթականները շատ թշուառ վիճակի մէջ էին, ամրան տաքը, ձմրան ցուրտը անտանելի էր, անօթութիւնը եւ ցնցոտիներով պատկերը համատարած էին, վարակիչ հիւանդութիւնները մեծ թիւով զոհեր կը խլէին: Ուստի անհրաժեշտ էր հիւանդանոցի կառուցումը:
 
Հալէպի մէջ Մ. Պիւլի առաջին գործունէութիւնը կ’ըլլայ հիւանդանոց հիմնելը: Հիւանդներուն բուժման ծախսերը կը հոգար ԱՔ_ ը: Քէմբի բնակիչներուն աղքատութեան եւ անօթութեան ցաւալի վիճակը տեսնելով Մ. Պիւլ ձեռնածալ չէր կրնար մնալ եւ այս անգամ ձեռնարկեց գաղթականներուն ապրուստ ապահովելու միջոցներ գտնելու: Ուստի հիմնեց ջուլհականոց եւ ձեռագործի մասնաճիւղ, ուր կ’աշխատէին 5ՕՕ կիներ եւ աղջիկներ: Արտադրութիւնը Մ. Պիւլ կը վաճառէր ֆրանսա, Հոլանտա եւ Զուիցերիա: Մ. Պիւլ կառուցել կուտայ երկու շէնք «Էլիմ» որ ջուլհականոցն ու ձեռագործի բաժանմունքն էր, իսկ «Սուխար» որ հաւաքներու դահլիճն էր ու բուժարանը:
 
Կը հաստատէ հայ երեխաներու կրթութեան նպաստ, որուն շնորհիւ 250 հայ երեխաներ կարելիութիւն կ’ունենան հայկական դպրոցներու մէջ ուսանելու:
Ընտանիքներու նիւթական օգնութեան նպատակով յատուկ ձեւ կը որդեգրէ Եւրոպայի բարերարներու միջոցաւ: Մ.Պիւլ կը յանձնարարէր որոշ ընտանիքի մը զաւկին որդեգրումը, անոր անունով ամսական որոշ գումար մը ղրկելով անոր ընտանիքին: Այս ձեւով մօտաւորապէս 200 ընտանիք կ՚օգտուի։
Մ. Պիւլի համարձակ եւ վճրորոշ միտքն ու իրագործումները սահմանափակ չէին. անոնց մէջ կ’առանձնանան «Սարէբթա» շէնքի կառուցումը եւ ջրմուղի հնարաւորութիւնը:
 
1932-ին Հալէպի քաղաքապետարանը Հայկական քէմբի տարածքը կը պահանջէ եւ կը պարտադրէ հայերուն հեռանալ այլ վայրեր:
Հայերը նեղ կացութեան կը մատնուին եւ հրաման կը խնդրեն յետաձգելու քէմբերու քանդումը մինչեւ նոր վայրի մը ապահովումը:
Տաւուտիէ շրջանը յարմար հողամասեր կային հայերուն համար եւ միայն դատարանի որոշումը հարկաւոր էր, որպէսզի հայոց տրամադրուէր այդ հողամասը:
 
Մ.Պիւլ մեծ հեղինակութիւն կը վայելէր ֆրանսական իշխանութեան քով եւ այս հարցը դրական լուծում կը ստանայ շնորհիւ իրեն:
Հայերը կը ստանան հողատարածը եւ կը սկսին շինարարութեան, բայց բաւարար շինանիւթեր չունէին: ՀԲԸՄ եւ ԱՔ, Մ. Պիւլի ղեկավարութեամբ, կը հասնին օգնութեան ։15Օ չքաւոր հայ ընտանիքներ կը փրկուին եւ տուներու տէր կը դառնան։
 
Մ. Պիւլ միշտ կ’այցելէր հայերուն նոր թաղամասը եւ օգնութեան կը հասնէր յատկապէս երեխաներուն:
 
Օր մը իր այցելութիւններուն ընթացքին կը տեսնէ տաւուտիէի ժողովուրդին ջուր ապահովելու տագնապը, անոնք երկար շարք մը կապած, կեցած էին աղբիւրին մօտ ջուր լեցնելու: Մ. Պիւլ անմիջապէս ջրամբար կերտելու գործին կը ձեռնարկէ։ Մտայղացումը որ ոչ միայն Հալէպի, այլեւ ամբողջ Սուրիոյ մէջ առաջինն էր։ Սակայն Հալէպի կուսակալը դժուարութիւններ կը թուէ, որովհետեւ Հալէպի ջուրը քիչ էր եւ խողովակներով ջուրի հասանելիութիւնը գրեթէ անհնար էր, սակայն Մ.Պիւլ չընկրկիր եւ բոլոր դժուարութիւնները հարթելով յաջողութեամբ կ՚աւատէ գործը:
 
Մ. Պիւլ հայերու բարեկեցիկ կեանք ապահովելու կողքին յատուկ աշխատանք կը տանէր դաստիարակչական գործին: Դպրոցներու մէջ մանկավարժութիւն կը դասաւանդէր՝ նպաստելով ուսուցչական կազմին վերապատրաստման: Անշուշտ իր կոչումը՝ աւետարանչութիւնը, առաջնահերթութիւն էր, որուն համար հիմնեց կիրակնօրեայ դպրոց եւ կիներուն յատուկ կրօնի դասաւանութիւն:
 
Առողջութեամբ տկար երեխաներու համար կազդուրման կայան հիմնեց։ Ուստի կիսաքաղց ու թուլցած պզտիկները երեք ամիս գիւղ կ’երթային ( Աթըգ), հոն բնութեան առատ օրհնութիւններով կը կազդուրուէին ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս: Մ. Պիւլ ամբողջ երեք ամսուան ընթացքին իր օգնականներով յատուկ գուրգուրանք եւ հոգատարութիւն կը ցուցաբերէր, իւրաքանչիւրը կը ճանչնար իր անունով, կը շոյէր մազերը, կը համբուրէր: Երեք ամսուան աւարտին երբ անոնց գիրցած եւ առողջ տեսնէր, անսահման կ’ըլլար ուրախութիւնը:
 
Մ. Պիւլի գրական վաստակը նուազ աշխոյժ չէ եղած, ինչպէս իր գործունէութիւնը:
 
Երախտապարտ Մ.Պիւլ իր առաջին ուսուցիչին՝ Վեր. Քարկէլի «Քրիստոս Մեր Սրբութիւնը» գիրքին հայերէն թարգմանութիւնը հրատարակած է, որուն յառաջաբանը ինք գրած է:
 
Ան յաճախ կը թղթակցէր միսիոնարներու թերթին «Զոննէնաուֆքանք»: Ունի բազմաթիւ նամակներ, որոնք մեծամասնութեամբ իր սաներուն հետ նամակագրութիններ են եւ կը պարունակեն բաւական տեղեկութիւններ իր կեանքին եւ գործունէութեան մասին:
Ունի ֆրանսերէնէ, գերմաներէնէ հայերէն թարգմանութիւններ, որոնք հոգեւոր բնոյթ կը կրեն եւ նպաստած են քարոզչական իր աշխատանքին:
Թարգմանած է Պէաթրիս Ռոնըրի «Տիրոջ Փրկարար Բազուկը» գիրքը, որ Էմմ. Եկեղեցիի հովանաւորութեամբ հրատարկուած է Մեծ Եղեռնի 50 – ամեակին առթիւ:
Հեղինակն է «Նուրիձա Վարժուհի Լեւոնեան» գիրքին, որուն մէջ իր աւագ գործընկերուհիին կեանքին պատումով կը նկարագրէ թուրքերու բարբարոսութիւնը:
Բոլոր գրութիւններուն մէջ կը նկատենք հարուստ բառապաշարը, յստակ շարահիւսութիւնը, մաքուր գրական արեւմտահայերէնը եւ գեղեցիկ դարձուածքները: Դժուար է հասկնալ որ հեղինակը հայ չէ, բայց ան միայն հայերէն չէր գրեր, այլ եւ կը մտածէր հայերէն:
 
Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք, գաղթականներուն հայրենադարձութեան հնարաւորութիւն ստեղծուեցաւ եւ Մ. Պիւլի բարեկամները, գործընկերները, սաները յաջորդաբար մեկնեցան հայրենիք: Մ. Պիւլ չէր կրնար երեւակայել իր կեանքը առանց իր սիրելիներուն, ինք եւս կը դիմէ կոմիտէին խնդրելով մեկնիլ Հայաստան, բայց կը մերժուի:
1951-ը յոբելինական էր Մ. Պիւլի համար, հայերուն համար իր մարդասիրական գործունէութեան 40 տարի եղած էր: Ականատես եղած էր ցեղասպանութեան, անվհատ շարունակեր էր իր գործը Հալէպի մէջ ջարդէն ճողոպրած հայ ժողովուրդին օգնելով , խնամելով անոնց յարմարաւէտ կեանք ապահովելով, որբ երեխաներուն մայրական գուրգուրանք ցուցաբերելով, մէկ խօսքով դարձած էր մայրիկը բոլորին՝ մեծին թէ պզտիկին: Մայրիկ անունը անբաժան էր այլեւս Մ.Պիւլէն եւ եղած էր Մ.Պիւլ Մայրիկ:
Եւ ահա իր սաները մեծցած էին , ընտանիքի տէր դարձած, գաղթած եւ ցրուած էին աշխարհով մէկ, իսկ ոմանք՝ ներգաղթած:
Փոխուած էր հալէպահայութեան կեանքը, երէկուան,,, գաղթականները իրենց աշխատասիրութեամբ, ազնուութեամբ կը վայելէին բարեկեցիկ կեանք մը: Անշուշտ տակաւին կային թշուառներ, բայց կային նաեւ բարեսիրական միութիւններ, որոնք օգնութեան կը հասնէին բոլոր կարիքաւորներուն:
Այս պայմաններուն մէջ, երբ Մ.Պիւլ 64 տարեկան էր կ՚որոշէ հեռանալ Հալէպէն եւ հրաժեշտ տալով կ’անցնի Եւրոպա:
Աւետարանական համայնքը ողջերթ կը կազմակերպէ Մ.Պիւլ Մայրիկին եւ կը նշէ 4Օ-ամեայ իր ծառայութիւնը: Բեթէլ եկեղեցւոյ Փոլատեան սրահէն ներս կը հաւաքուին բոլոր իր սիրելիները , գործընկերները, սաները: Բոլորը երախտագիտական խօսքեր կը փոխանակեն , որքան կ’ուրախանայ Մ. Պիւլ Մայրիկը եւ խաղաղութեամբ կը պարուրուի իր հոգին:
 
Կ’անցնի Եւրոպա եւ միայն մարմնով հոն կ’ըլլայ, միտքն ու հոգին Հալէպ էին։ Յաճախ կը նամակցի հալէպցի բարեկամներուն հետ, որոնք միշտ տեղեակ կը պահէին իրադարձութիւններուն: Եւ ինչպէս միշտ , օգնութեան կը հասնէր հարկ եղած պարագային իր խոհերով, նիւթական ներդրում ապահովելով, ինչպէս՝ Տաւուտիէի «Սարէբթա» շէնքի վերակառուցման աշխատանքին ժամանակ:
Ընթացքին երկու անգամ կարելիութիւն կ’ունենայ այցելելու Հալէպ, մէկը՝ Սարէբթայի հինարկէքի ժամանակ, իսկ երկրորդը՝ Մեծ Եղեռնի 50-ամեակին առիթով:
 
Եօթանասունական թուականներուն կը փոխադրուի Գերմանիոյ արեւմտեան կողմը գիւղի մը մէջ գտնուող միսիոնարներու ծերանոցը , ուր կը մնայ մինչեւ իր մահը:
 
Ծերանոցէն յաճախ կը կապուէր իր բարեկամներուն հետ, միշտ կը նամակցէր, կը թղթակցէր եւ այցելութիւններ կը կատարէր:
Իր սաներուն նամակագրութիւններուն մէջ յաճախ իր արտայայտութիւնները կ’ըլլային. «հայ՛ երեխաներ, միշտ սրտիս մէջ էք, իմ սիրտը հայ է»։
 
Ան խոր ծերութեան մէջ հիւանդացաւ եւ իրեն օգնելու հասաւ իր ընկերուհին եւ Հալէպի մէջ իր յաջորդը՝ Աննա Մարիա Պէք Թարթարը, որուն վկայութեամբ կ’իմանանք թէ՝ Մ.Պիւլ մայրիկը իր վերջին օրերուն մոռցած էր բոլոր լեզուները, նոյնիսկ՝ մայրենին եւ կը խօսէր միայն հայերէն, որուն պատճառաւ ծերանոցի բժիշկները եւ բուժքոյրերը նեղ կացութեան մատնուած էին , չէին հասկնար իր խօսածն ու պահանջքը։ Այդքան սիրած էր հայերն ու հայերէնը։
 
Կը մահանայ 3 Հոկտ. 1981-ին եւ կը թաղուի ծերանոցի գերեզմանատունը:
 
Իր վերջին նկարներէն մէկուն մէջ կը տեսնենք կողքի պատին վրայ հայերէն գրութիւն մը. «մինչեւ ի մահ հաւատարիմ եղիր»:
 
Իսկապէս ան մինչեւ մահ հաւատարիմ մնաց իր կոչման, իր ընտրած ճանապարհին եւ իր սիրելի հայ ժողովուրդին:
 
Արժանաւորապէս մայր կոչուեցաւ եւ իր ողջ կեանքը նուիրեց հայութեան։ Գրեց ու խօսեցաւ հայերէն եւ ապրեցաւ ու մահացաւ որպէս հայ: