Երկուշաբթի, 23 Մայիս 2022-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութեան քրոնիկ հիւանդութիւններու բաժինի տնօրէն բժշկ. Զուհէյր Սահուի ՍԱՆԱ-ի թղթակիցին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ «կապիկի ծաղիկ» ժահրով վարակուած պարագաներ ցարդ չեն արձանագրուած։
 
Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ առողջապահական հատուածը նախազգուշացման բոլոր միջոցները որդեգրած է արդէն սուրիական տարբեր նահանգներուն մէջ, նոյնիսկ սահմանային շրջաններուն մէջ՝ առողջապահական կեդրոններ հաստատելով, ուր կը գտնուին համաճարակը յայտնաբերող յատուկ գործիքներ, մեկուսացման կեդրոններ, դեղորայք եւ պատուաստներ։
 
Կապիկի ծաղիկ ժահրին շուրջ տեղեկութիւններ տալով Սահուի ըսաւ. «Ան հազուագիւտ վարակիչ հիւանդութիւն մըն է, որ յառաջ կու գայ անասուններու հետ շփումէն, վարակուած անձի հետ շփումէն եւ վատառողջ անասունի միս ուտելէն։ Ախտանշաններն են՝ սրտխառնուք, ջերմութիւն, մկանային ցաւ, գլխացաւ եւ թուլութիւն։ Ան մաշկին վրայ ջրծաղիկի նման բշտիկներ կը յառաջացնէ, ետքը կը տարածուի բերնին, ափերուն մէջ եւ ոտքերուն յատակը, զօրաւոր ցաւ յառաջացնելով»։
 
Ան աւելցնելով ըսաւ, որ վարակուած պարագաները պէտք է անմիջապէս մեկուսացման կեդրոններ փոխադրուին, խուսափելու համար անոր տարածումէն։
Անոնց պէտք է տրուի հակաժահր դեղեր, իսկ 14 օր ետք ջրծաղիկի պատուաստ։
Սահուի դիտել տուաւ, որ Կապիտի ծաղիկ ժահրը աւելի նուազ կը տարածուի համեմատաբար պսակաձեւ ժահրին։