Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը (ԱՀԿ) յայտնած է, որ 13-21 Մայիսին աշխարհին մէջ յայտնաբերուած է Կապիկի ծաղիկի ժահրով վարակուած 92 պարագայ։
Առայժմ այս վարակով մահացողներ չեն արձանագրուած։ Դէպքեր արձանագրուած են 12 երկիրներու մէջ։ Վարակակիրներու ամենամեծ թիւը արձանագրուած է Փորթուկալի, Սպանիոյ եւ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ։ Վարակուածներ յայտնաբերուած են նաեւ Աւստրալիոյ,Պելճիքայի, Քանատայի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Հոլանտայի, Շուէտի եւ ԱՄՆ-ի մէջ:
Կապիկի ծաղիկը կենդանիներէն մարդոց փոխանցուող, հազուադէպօրէն յայտնուող ժահրային հիւանդութիւն է, որ առաւելաբար ծնունդ առած է Կեդրոնական եւ Արեւմտեան Ափրիկէի շրջաններուն մէջ:
Ժահրը մարդուն կը փոխանցուի վայրի կենդանիներէն: Կապիկի ծաղիկի ժահրը (Orthopoxvirus) կը նմանի բնական ծաղիկի ժահրին՝ ջրծաղիկին:
Նուշիկ Սողոյեան-Առաքելեան