“Երկիր Մետիա”._Ատրպէյճանական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է հեռաձայնային զրոյց Ռուսիոյ ու Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ։ Այս մասին կը տեղեկանանք Քրէմլի պաշտօնական էջէն։
 
Քննարկուած են Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ 9 Նոյեմբեր 2020_ին, 26 Նոյեմբերի 2021-ին ձեռք բերած համաձայնութիւնները՝ շեշտելով տարածաշրջանի մէջ խաղաղ կեանքի հաստատման եւ կայունութեան ամրապնդման, տնտեսական կապերու ապաշրջափակման եւ երթեւեկային հաղորդակցութիւններու հետ առնչուած յստակ հարցերու կարգաւորումը։
 
Իլհամ Ալիեւը տեղեկացուցած է Պրիւքսէլի մէջ 22 Մայիսին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու ԵԽ գլխաւոր քարտուղար Շարլ Միշէլի հետ հանդիպումին մասին։
 
Քննարկուած են առեւտրատնտեսական ոլորտի երկկողմ գործակցութեան առնչուած հարցեր։