ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆ. «ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼՈՒ ԵՐԿՈՒ ՄԻՋՈՑ ԿԱՅ՝ ՊԱՅՔԱՐԻԼ ԵՒ ԱՅԴ ՊԱՅՔԱՐԸ ԴԱՐՁՆԵԼ ՅԱՐԱՏԵՒ»

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Հայ Երիտասարդաց Միութեան, Կիրակի, 29 Մայիս 2022-ի երեկոյեան, Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 104-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն, «Զարթնիր, Լաօ՛» խորագիրով:
Հանդիսութեան ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, ՀՀ Հալէպի մարդասիրական խումբի հիւպատոսութեան ներկայացուցիչ գնդապետ Արկատի Տօնոյեան, Պատկան Մարմինի, Ազգ. Վարչութեան, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ խուռներամ բազմութիւն մը:
ՀՄԸՄ-ի փողերախումբի զոյգ օրհներգներու նուագով  բացումը կատարուեցաւ հանդիսութեան: Օրուան բեմավարն էր Հուրի Տէրտէրեան-Տիլպէրեան, որ ներկաները հրաւիրեց  մէկ վարկեան յոտնկայս յարգելու նահատակներուն յիշատակը:
Այնուհետեւ արաբերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արա Մութաֆեան, որ անդրադարձաւ հայ եւ արաբ ժողովուրդներու արդար դատերուն, որոնց համար երկու մարտունակ ժողովուրդները կը շարունակեն պայքարիլ մինչեւ արդար հատուցում:
Հայերէն բացման խօսքով Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբօշեան դիտել տուաւ, որ մայիսեան յաղթանակը իրականացաւ շնորհիւ հայ ժողովուրդի զաւակներու հայրենասիրութեան եւ զոհաբերութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նուիրեալ ղեկավարներուն երկարաշունչ պայքարին ու հայկական բանակին քաջարի կեցուածքին:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան «Մեղրի» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Կիթառ Աւընեանի:
Ոգեւորիչ մեկնաբանութեամբ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ Առ Երեւան»-էն հատուածներ ասմունքեցին Սեւանայ Հալլաճեան եւ Սեւակ Սիւլահեան:
Հանդիսականները դրօշներով, պաստառներով եւ ցուցանակներով խանդավառ մասնակցութիւն կը բերէին, ոգեւորելով բեմ բարձրացողները:
Հայկական տօնական պարերով ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի «Շուշի» եւ «Սարդարապատ» պարախումբերը:
Տօնակատարութեան բանախօսն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան: Ան անդրադարձաւ անկախութեան պատմական հոլովոյթին, մանրամասնօրէն ներկայացնելով Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական պայմանները, ապա նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման նախադրեալներն ու  մարտական, դիւանագիտական բոլոր աշխատանքները, որոնք ուղղուած էին անկախ հայրենիք կերտելու ու տարածքներ ազատագրելու նուիրական ճիգին՝ շեշտելով, որ 1918-ի անկախութեան հռչակումը հիմք ծառայեց այսօրուան Հայաստանի անկախութեան: «Ի՞նչ կ’ըլլար հայոց պատմութեան հոլովոյթը, եթէ 1918-ին հայկական անկախ պետականութիւն չկերտուէր: Աւելին, անուրանալի փաստ է, որ եթէ գոյութիւն չունենար 1918-ի Մայիսի 28-ը, չէր կրնար գոյութիւն ունենալ 1991-ի Սեպտեմբեր 21-ը:
Այսօր վարակիչ պէտք է ըլլայ 1918-ին հիմնադրուած Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան բարոյական կերպարը: Ան իր պահուածքով օրինակ էր ժողովուրդին համար: Օրուան վարչապետին զաւակները կը մասնակցէին ճակատի ռազմական գործողութիւններուն, իսկ անոնցմէ մէկը նոյնիսկ զոհուեցաւ: Հանրապետութեան հիմնադիրը համարուող Արամ Մանուկեան կը վարակուէր բծաւոր տիֆով եւ կը մահանար, ինչպէս տասնեակ հազարաւորներ ժողովուրդէն, որոնք նոյն ճակատագիրին կ’ենթարկուէին:
Մայիս 28-ը գաղափարական մեր ընտանիքին համար տասնամեակներ շարունակ եղած էր տօնախմբութեան առիթ: Այդպէս չէր ուրիշներուն համար, որովհետեւ  ոմանց  համար կերտուածը պարզապէս Այրարատեան Հանրապետութիւն էր: Այսպէս չէր, խորհրդային Հայաստանի օրերուն, անկախ պետութեան հիմնադրութեան նշումը հակասովետական կեցուածք կը համարուէր:
Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման եւ կազմակերպման քաղաքական մեծագոյն ուժն էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ կարելի չէր գովերգել Հանրապետութեան գոյառումն ու ձեռքբերումները, առանց Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը գնահատելու»:
Այնուհետեւ բանախօսը անդրադարձաւ Հայաստանի ներկայ իշխանութեան ստանձնած օրէն՝ 2018-էն, մինչեւ օրս Հայաստանին ունեցած հողային կորուստներուն, որ աւելի քան 9000 ք.մ տարածքի համազօր է: Բանախօսին համաձայն, կորուստներու շարանը տակաւին կրնայ շարունակուիլ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ ստորագրուելիք նոր համաձայնագիրներով:
Բնական է, որ ոչ ոք կրնայ մեղադրել Առաջին Հանրապետութեան կերտիչները հողային կորուստներու համար, որովհետեւ Առաջին Հանրապետութեան ղեկավարները 10.000 քռկ. քլմ.էն 3Օ.ՕՕՕ քառ. քլմ.-ի հասցուցին Հայաստանը ու այդ յանձնեցին խորհրդային Հայաստանին, մինչդեռ ներկայ իշխանութիւնները, իրենց վարքով ու քաղաքականութեամբ ամէն օր քիչ մը աւելի կ’ամրապնդեն իրենց յանցաւոր հաւատամքին վարկածը: Այսօր շատ ծանր է Հայաստանի եւ Արցախի իրավիճակը: Թշնամիները նոյնն են՝ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը ու երկուքին հետ տարբեր չափով մեղսակից են այլ պետութիւններ, որոնք բնականաբար կը փորձեն իրենց ազգային շահերը հետապնդել Հայաստանի հաշուոյն: Տարբերութիւնը այն է, որ այսօրուան իշխանութիւնները եւս մեղսակից են այդ նպատակներու իրականացման գործնթացին, սա չկար առաջին հանրապետութեան կերտման օրերուն:
«Այսօրուան տօնակատարութիւնը ունի իւրայատուկ խորհուրդ, վերանորոգելու մեր ուխտը  ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին հասնելու յանձնառութեան: Այս ուխտի վերանորոգման կարիքը ունինք յատկապէս պարտութիւններու ժամանակ: Այնպիսի պարտութիւններ, որոնց փորձանքէն մենք անցանք վերջերս եւ որոնք կը դիմագրաւենք այսօր եւս: Պարտութիւնները յաղթահարելու երկու միջոց կայ՝ պայքարիլ եւ այդ պայքարը դարձնել յարատեւ: Ուստի Հակառակ այսօրուան ծանր պայմաններուն, մենք պէտք է շարունակենք մեր պայքարը», ըսաւ Մանոյեան:
Օրուան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, դիտել տալով, որ ողջ պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդը իր հայրենիքի ազատութեան եւ ինքնութեան պահպանութեան համար մեռաւ եւ այդ մահը գիտակից մահ եղաւ, որ առաջնորդեց դէպի կեանք: Սրբազան հայրը ըսաւ.«Մենք այսօր երբ կ’ապրինք, հայրենիքը կ’ապրի, որովհետեւ հայ ժողովուրդի ընտիր զաւակները նահատակուեցան ազատ ու արժանապատիւ կեանք ապահովելու իրենց ժողովուրդին»:
Սրբազան հայրը եզրափակելով ըսաւ, որ ժողովուրդէն ծնած կազմակերպութիւնը ապահովեց հայ ժողովուրդին յաւերժութիւնը: Դաշնակցութիւնը միայն հայրենիք չպարգեւեց մեզի, այլ հայրենիքէն դուրս ամենուր հայրենիք կերտեց, հայրենասիրութիւն սերմանեց եւ պահանջատէր դարձաւ:
Ապա հանդէս եկաւ ազգային-յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գօգօ Մարգէեան, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Յովիկ Ատուրեանի:
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով: