Երկուշաբթի, 6 Յունիս 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ նախորդ Ուրբաթ 3 Յունիս 2022-ին, թրքական ուժեր բազմաթիւ հրթիռներ արձակեցին Հասիչէի արուարձանի Թալ Թամր գիւղի  ելեկտրածին կայանին եւ ընդհանրապէս բնակչութեան ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով արձանագրուեցան նիւթական վնասներ եւ ելեկտրակայանը ամբողջութեամբ դադրեցաւ աշխատանքէ։ Հասիչէի Ելեկտրականութեան Ընկերութենէն խմբակ մը անմիջապէս ուղղուեցաւ կայան եւ եռօրեայ աշխատանքէ ետք աւարտեց նորոգութեան աշխատանքը։