Հայ Ծերանոցը, Մեծն ՆԵրսէս Հայրապետի պայծառ օրինակին հետեւելով, 99 տարիներ կը շարունակէ խնամք եւ հոգատարութիւն տածել մեր ժողովուրդի տարեցներուն նկատմամբ:
 
Մեծն Ներսէս Հայրապետի տօնին առիթով, հովանաւորութեամբ Հայ երեք Համայնքապետներուն՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանին, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանին եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին, կազմակերպութեամբ՝ Հայ Ծերանոցի մեծ ընտանիքին, Կիրակի, 12 Յունիս 2022-ին, կէսօրուան ժամը 1։00-ին, ԱՄԺ Տան «Անի» ճաշասրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայ Ծերանոցի աւանդական հացկերոյթը, որ սիրոյ սեղանի շուրջ համախմբեց Հայ երեք Համայնքապետները, ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան խումբի ներկայացուցիչներ, գերապատիւ, հոգեշնորհ, արժանապատիւ, պատուելի հոգեւոր հայրեր, առաքինազարդ քոյրեր, հալէպահայ ազգային, եկեղեցական, բարեսիրական, մշակութային, մարզական եւ հայրենակցական միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։
 
Բացման խօսք արտասանեց Արժ. Տ. Կոմիտաս Ա. Քհնյ. Տատաղլեան, յայտնելով, որ այսօրուան հացկերոյթով կը յիշատակենք հայ ժողովուրդին կողմէ «Սրտերու Լուսաւորիչ» կոչումը ստացած Մեծն Ներսէս Հայրապետին պայծառ յիշատակը, որուն օրինակին հետեւելով 99 տարիներէ ի վեր կը գործէ Հայ Ծերանոցը:
 
Հայ Ծերանոցի խնամակալութեան խօսքը արտասանեց, խնամակալութեան ատենապետ Արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան: Ան յայտնեց, որ հակառակ ներկայիս տիրող դժուարութիւններուն, յոյսով, լաւատեսութեամբ եւ ծառայութեամբ Հայ Ծերանոցը կը շարունակէ իր երթը՝ երեք համայնքապետներով, խնամակալութեամբ, տնօրէնին, տիկնաց օժանդակ յանձնախումբին հետ միասին:
 
Հայ Ծերանոցի տնօրէն Աւօ Գաթրճեան, Հայ Ծերանոցի 100-ամեակին ընդառաջ ներկայացուց ծերանոցի միամեայ գործունէութեան համառօտ տեղեկագիրը` զեկուցելով հայ ծերանոցէն ներս տարուած խնամատարական եւ ծառայողական աշխատանքներուն, յարաբերական եւ եկեղեցական կեանքին, տեղի ունեցած այցելութիւններուն, ազգային-եկեղեցական տօնակատարութիւններուն եւ օժանդակութիւններուն մասին:
 
Հալէպահայ երգիչ Կարօ Պէրէճիքլեան ժողովրդային եւ հայրենասիրական երգերով ճոխացուց մթնոլորտը:
Հայ Ծերանոցի մարդասիրական գործունէութիւնը քաջալերելով, կատարուեցան նուիրատուութիւններ:
 
Երեք Համայնքապետներուն անունով խօսք արտասանեց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, հաստատելով, որ մեր աչքի լոյսին պէս պիտի խնամենք Հայ Ծերանոցը, որուն շուրջ առանց խտրականութեան կը համախմբուի հայ ժողովուրդը իր բոլոր բաժիններով: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց բարերար անհատներուն, կազմակերպութիւններուն եւ բարեխնամ առաջնորդներուն, որոնք մնայուն կերպով իրենց ուշադրութեան կիզակէտը դարձուցած են Հայ Ծերանոցը:
 
Մանրամասնութիւնները՝ «Գանձասար»ի Յունիս Գ. համարով։