ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ քիչ առաջ ահաբեկչական խմբաւորումներ հիւսիսային գիւղերէն երկու հրթիռ արձակեցին Լաթաքիոյ նահանգի Քեսապ աւանին վրայ: Արձանագրուեցան նիւթական աննկատ վնասներ:
«Գանձասար»ի թղթակիցը յայտնեց, որ նոյն ժամերուն Քեսապի հրապարակին կեդրոնը տեղի կ՛ունենար պետական ձեռնարկ մը: Երկու հրթիռները ինկած են լերան մը վրայ, առանց նկատառելի վնաս պատճառելու: