“Թերթ”._Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրով եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Պայրամով 17 Յունիսին տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին, ի թիւս այլ հարցերու, քննարկած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը:
Հաղորդագրութեան համաձայն, կողմերը շեշտած են 9 Նոյեմբեր 2020-ին, 11 Յունուարի 2021-ին եւ 26 Նոյեմբերին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու մակարդակով ընդունուած եռակողմ յայտարարութիւններու կատարումին ուղղուած համապատասխան աշխատանքի իրականացման կարեւորութիւնը Ռուսիոյ միջնորդութեամբ:
 
Նախարարները համաձայնած են քննարկելու նշեալ հարցերը Սերկէյ Լաւրովի՝ 23_24 Յունիսի միջեւ կատարելիք աշխատանքային այցելութեան ընթացքին։